Մատէյրա Կղզիին Մէջ Ռոնալտոյի Արձանը Պիտի Զետեղուի
Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի արձանը պիտի զետեղուի Մատէյրա կղզիին Ֆունշալ քաղաքին մէջ, կը յայտնէ www.championat.com:
Նշենք, որ Ռոնալտօ հոն ծնած է:
Փորթուգալեան մամուլին համաձայն, արձանին բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 դեկտեմբերին: Անոր ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ նոյնինքն Ռոնալտօ:
Այդ օրը արքայական ակումբի յառաջապահին այս շրջանին մատուցած յատուկ ծառայութիւններուն համար յատուկ յուշամետալ պիտի շնորհուի, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

