Թուրք Գրողը Նոյնիսկ Կեանքի Գնով Պատրաստ Է Ցեղասպանութեան Մասին Խօսելու

«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»

Engin-1104Թուրք գրող Սերքան Էնկին իր պարտաւորութիւնը կը համարէ Թուրքիոյ մէջ բարձրաձայն խօսիլը թրքական պետութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Անոր համոզումով, ցեղասպանութիւններու մասին աւելի լայն շրջանակներու իրազեկումը պիտի չարտօնէ, որ մարդկութեան դէմ նման յանցագործութիւններ կրկնուին:

«Ես կը խօսիմ հայերու, ասորիներու ու յոյներու ցեղասպանութիւններուն մասին, քանի որ այդ մէկը պարտաւորութիւն կը համարեմ: Իբրեւ ազնիւ եւ պատուաւոր մտաւորական` ասիկա բարոյական պարտաւորութիւն մըն է ու նաեւ իմ պարտքն է` մարդկութեան հանդէպ: Ես կը փափաքիմ խօսիլ այս ցեղասպանութիւններուն մասին, որոնք նախապատրաստուած են իմ թուրք նախահայրերուս կողմէ, քանի որ Թուրքիոյ մէջ պէտք է ճշմարտութեան մասին խօսիլ բարձրաձայն` ընդդէմ այսպէս կոչուած պաշտօնական պատմութեան: Ես երեխայ մըն եմ, որ կը պոռայ` «Թագաւորը մերկ է»: Ես անձս կը նուիրեմ ճշմարտութեան, որ կրնայ կեանք ու ազատութիւն արժել», «Արմէնփրէս»-ին յայտնած է թուրք-լազ բանաստեղծը:

Սերքան Էնկին նշած է, որ չի կրնար հպարտանալ իր այն նախահայրերով, որոնք բռնաբարած են փոքր աղջիկներ, երեխաները ողջ-ողջ այրած են, ստրկացուցած են կիներ եւ անողոք կերպով կոտորած են միլիոնաւոր անմեղ մարդիկ:

Ան քննադատած է ամէն առաւօտ դպրոցի աշակերտներուն պարտադրուող «Որքան ուրախ է ան, որ թուրք է» երդումը` զայն ցեղապաշտ կարգախօս նկատելով, որովհետեւ հոն կը նշուի, թէ` «մէկ թուրք հաւասար է ամբողջ աշխարհին»:

«Մենք պէտք է մեր երեխաներուն ըսենք, որ աշխարհի բոլոր մարդիկը հաւասար են` անկախ անոնց ցեղային, լեզուական, կրօնական կամ սեռային տարբերութիւններէն», նշած է Էնկին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES