Թրքական Ոլրանետ` Պումըրանկ

Ծաղրանկար` Օլիվըրի («Տէր Սթանտարտ» - Վիեննա)

Ծաղրանկար` Օլիվըրի («Տէր Սթանտարտ» – Վիեննա)

Բեղուն եւ անակնկալներով (բաւական անախորժ) հարուստ էր անցնող շաբաթը… Էրտողանի եւ իր գործընկերներուն համար:

Դժուար ու դաժան վայրկեաններ ապրեցաւ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը նոյնքան վտանգաւոր, որքան` այդ խիզախ քիւրտ ազատամարտիկը, որ կառչած Արաբ Բունարի իր դիրքին` յամառօրէն կը պայքարի մոլեռանդ եւ ծայրայեղ կրօնամոլներու դէմ:

Պատահածը արդիւնք էր, Էրտողանի որդեգրած քաղաքականութեա՞ն, ի տես Արաբ Բունարի ողբերգութեան, սահմանի փակմա՞ն, թէ՞ մեծամոլութեան աստիճանի հասած ինքնավստահութեան:

Արդիւնքը յստակ է: Ոլրանետ (պումըրանկ) մը, որուն անդրադարձը կրնայ շարունակուիլ, իսկ այդ պատահածին գինը վճարելը… բաւական մը նիստերու կարիք պիտի ըլլայ Էրտողանի հովանիին տակ գտնուող «թինք թանք»-ին համար: Հաւանաբար ամէնէն աւելի ծանր հարուածը, որ Անգարան ստացաւ, այդ ալ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ դառնալու ընտրութեան օրն էր, հոկտեմբեր 16-ին, որ աւարտեցաւ պարտութեամբ:

Արդարեւ, հակառակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի տարած քարոզչական արշաւին եւ ընտրութեան նախորդող գիշերն իսկ շքեղ պանդոկի մը մէջ շարք մը օտար դիւանագէտներ սիրաշահելու համար փառաւոր հիւրասիրութեան` կարելի չեղաւ անհրաժեշտ թիւով քուէներ ապահովել:

Անգարայի համար անհանդուրժելի եւ անմարսելի էր, որ թիւ մէկ մրցակից Սպանիան կրկնապատիկէն աւելի քուէ ստացած էր, իսկ աւելին երբեմնի մօտիկ դաշնակիցներ` Եգիպտոս եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիա, բուռն պայքար մղած էին` շարունակ ձախողցնելով թրքական որեւէ ոտնձգութիւն:

Այսպիսի պարտութիւն շատ աւելի ազդեցիկ է, քան` նոյնինքն վերջերս քիւրտերու կողմէ կատարուած յարձակումներ, Պրեկենցի (Աւստրիա, Մարսէյի (Ֆրանսա) եւ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումներուն:

Թրքական արտաքին քաղաքականութեան մեքենան այնքան մը տկարացած եւ աքցանի մէջ առնուած էր, որ նոյնիսկ զարմանալի պատճառներով շարունակ մոռացութեան մատնուած եւ «մէկդի» դրուած հայ որբ աղջնակներու հիւսած գորգը յանկարծ կանաչ լոյս ստանայ ցուցադրուելու: Եւ այսպէս, Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած պատմական գորգը մօտ օրէն պիտի ցուցադրուի Սպիտակ տան այցելուներու կեդրոնին մէջ:

Ամէնէն աւելի ահաւորը, սակայն, նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ տիրող ներքին կացութիւնն է, յատկապէս` հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ, ուր քիւրտեր մեծամասնութիւն են եւ բազմիցս ցոյցերով կը մտահոգեն Անգարան:

Իսկ ցայսօր այս կացութեան բանալի անձնաւորութիւնը կը մնայ աւելի քան տաս տարիէ ի վեր արգելափակուած Օճալանը, որուն արձակած կոչերն ու հրահանգները ամենայն յանդգնութեամբ կը կատարէ քիւրտ զանգուածը:

Այս ոլրանետին դիմաց զգալի է գործընթացի փոփոխութիւն: Առաջին հերթին` սահմանի բացում, որ կը դիւրացնէ քիւրտ ազատամարտիկներու մուտքը Արաբ Բունար եւ անշուշտ` վարչապետ Տաւութօղլուի կոչը, թէ շրջանին մէջ պէտք է որդեգրել խաղաղ եւ միաւորող մօտեցում մը, որ հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի վրայ, բան մը, որ կը դիւրացնէ  բնական, տեղական եւ վաւերական յատկանիշներ ունեցող քրտական հարցի լուծումը:

 

Share this Article
CATEGORIES