11 Սեպտեմբերի Յարձակումէն 13 Տարի Ետք. Նիւ Եորքի Համաշխարհային Առեւտուրի Կեդրոնը Դարձեալ Կը Բանայ Իր Դռները
«Օպոզրեւաթել» կայքը կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնը 11 սեպտեմբերի ահաբեկչական յարձակումէն 13 տարի ետք դարձեալ բացուած է վարձակալներու համար:
«Քոնտ Նասթ» հրատարակչատունը երէկ սկսած է տեղափոխուիլ «Ուան Ուըրլտ Թրէյտ Սենթըր», որ կառուցուած է ահաբեկչական յարձակումին պատճառով քանդուած աշտարակներուն տեղը: Այժմ 104 յարկանի նոր երկնաքերը կը նկատուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ ամէնէն բարձր շէնքը:
Սակայն «Քոն Նասթ» առաջին ընկերութիւնը չէ, որ մուտք կը գործէ նոր երկնաքեր: Մէկ շաբաթ առաջ «Ուըրլտ Թրէյտ Սենթըր» տեղափոխուած է Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի նաւահանգստային վարչութիւնը:
Նորակառոյց շինութիւններու բացման եւ նոր վարձակալներու մուտքին համար հանդիսաւոր արարողութիւններ տակաւին չեն կատարուած:
CATEGORIES Միջազգային

