Զախարչենքօ Եւ Փոլթնիցքի` Յաջորդաբար Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Նախագահ Ընտրուեցան

1103_USՏոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց, որ Տոնեցքի վարչապետ Ալեքսանտր Զախարչենքօ ընտրուած է հանրապետութեան նախագահ: Յանձնախումբի բանբեր Ռոման Լակին յայտարարեց, որ ըստ վերջնական արդիւնքներուն, Զախարչենքօ 765340 քուէ ստացած է:

Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը իր կարգին պաշտօնապէս շրջանի ղեկավար Իկոր Փլոթնիցքիի յաղթանակը յայտարարեց: Ան ստացած է քուէներուն 63,04 առ հարիւրը:

Մոսկուա յայտարարեց, որ կը յարգէ երկու շրջաններու բնակչութեան կամքը: Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Լէոնիտ Տիպիլով իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ ընտրութիւններուն արդիւնքը, եւ «Հարաւային Օսեթիոյ ժողովուրդը կ՛աջակցի Նովոռոսիոյ քաղաքացիներու կամքի արտայայտման»:

Ուաշինկթըն. «Ռուսիա Տոնպասի
Ընտրութիւններուն Պատճառով
Ուքրանիոյ Հետ Սահմանին Վրայ
Զօրքեր Կը Տեղակայէ»

«Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան կից Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Մարք Սթրոխ յայտարարած է, որ Ռուսիա 2 նոյեմբերին Տոնեցքի եւ Լուկանսքի Ժողովրդային հանրապետութիւններուն մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն պատճառով դարձեալ Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ զօրքեր կը տեղակայէ:

«Մենք Ռուսիան կը զգուշացնենք չօգտագործելու այդպիսի անօրինական քուէարկութիւնը, իբրեւ առիթ Ուքրանիա յաւելեալ զօրք եւ զինուորական սպառազինութիւն մտցնելու համար, յատկապէս վերջին վկայութիւններուն լոյսին տակ, ըստ որոնց, ռուսական բանակը դարձեալ կը մօտեցնէ իր ուժերը Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններու երկայնքով սահմանին», ըսած է Սթրոխ:

Ինչպէս հաղորդուած էր նախապէս, 2 նոյեմբերին Տոնեցքի եւ Լուկանսքի Ժողովրդային հանրապետութիւններու ղեկավարներու ընտրութիւններ տեղի ունեցած են: Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը այդ հարցով քրէական գործ յարուցած է:

Share this Article
CATEGORIES