ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները Արաբ Բունարի Մէջ Կը Նահանջեն
Արաբ Բունարէն աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները քաղաքին մէջ նահանջած են դէպի իրենց ետեւի դիրքերը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն թիկունքը անցնելով կը հարուածեն զանոնք եւ անոնց դէմ թակարդներ կը լարեն, ինչ որ խմբաւորման ուժը տկարացուցած է: Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ բախումներուն ընթացքին սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի մարտական ղեկավարներէն Ապու Միրիամ Շիշանին:
Արաբ Բունար հասած փեշմերկաները սկսած են «Կրատ» տիպի հրթիռներ օգտագործելով հարուածել ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը, իսկ վերջինս իր ուժերը հաւաքած է Արաբ Բունարէն 60 քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող Մընպեժ քաղաքին մէջ` առ ի պատրաստութիւն Արաբ Բունարի դէմ նոր յարձակումի մը շղթայազերծման:
Մինչ այդ, ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ ամերիկեան օդուժի ռմբաձիգները Սուրիոյ մէջ հարուածած են ՏԱՀԵՇ-ի դիրքեր, որոնց շարքին` Արաբ Բունարի մէջ գտնուող դիրքեր:
Միւս կողմէ, «Արմէնփրես»` յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Արաբ Բունարի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ կը կռուին ազրպէյճանցի արձակազէններ:
Կը նշուի, որ քիւրտերուն դէմ յարձակումներուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ կ՛օգտագործէ մեծ թիւով անձնասպանական գործողութիւն կատարողներ եւ արձակազէններ Ազրպէյճանէն, Չեչենիայէն եւ Ուզպեքիստանէն` անոնց օգնութեամբ մնայուն գնդակոծութեան տակ պահելով քիւրտերը:
Սուրիական ազատ բանակէն աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Արաբ Բունարի մէջ քիւրտերուն եւ քաղաք մուտք գործած Սուրիական ազատ բանակի զինեալներու միջեւ ծագած տարակարծութեան պատճառով վերջիններէն 20 զինեալ քաղաքէն հեռացած է դէպի Թուրքիա:
Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերէն աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնած է, որ վերջերս Արաբ Բունար մուտք գործած Սուրիական ազատ բանակի զինեալներու նպատակը աւելի քաղաքական էր, քան զինուորական: Ան այդ զինեալները ամբաստանած է Թուրքիոյ հրամաններուն ենթարկուելու յանցանքով:

