Ըստ ՔԱԿ-ի Մէկ Բարձրաստիճան Ղեկավարին. Միացեալ Նահանգներ Կրնան ՔԱԿ-Թուրքիա Բանակցութիւններուն Մէջ Միջնորդութիւն Կատարել

Պոլսոյ մէջ ցոյց: Պաստառին վրայ գրուած է. «Վերջ տուէք ՏԱՀԵՇ-ի հետ գործակցութեան»

Պոլսոյ մէջ ցոյց: Պաստառին վրայ գրուած է. «Վերջ տուէք ՏԱՀԵՇ-ի հետ գործակցութեան»

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ ՔԱԿ-ի մէկ բարձրաստիճան պաշտօնատարը աւստրիական օրաթերթի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր կուսակցութիւնը Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները վերստին հունի մէջ դնելու եւ իր ըմբոստութեան մագլցում մը կանխարգիլելու համար կ՛ուզէ միջազգային միջնորդ մը, որ հաւանաբար Միացեալ Նահանգները ըլլան:

ՔԱԿ-ի հիմնադիրներէն եւ ականաւոր դէմքերէն Ճեմիլ Պայըք նաեւ Թուրքիան ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ին աջակցելով Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն դէմ անուղղակի պատերազմ մղելու յանցանքով:

Պայըք աւստրիական «Տեր Սթանտարտ» օրաթերթի երէկուան թիւին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց. «Պատերազմի ճամբով լուծում մը չի կրնար ըլլալ, ուստի քաղաքական լուծում մը պէտք է ըլլայ»:

«Հասած ենք կէտի մը, ուր շարժում պէտք է ըլլայ: Այդ պատճառով ալ կ՛առաջարկենք, որ երրորդ կողմ մը հսկէ այս հոլովոյթին: Անոնք կրնան Միացեալ Նահանգները ըլլալ: Կրնայ նաեւ միջազգային պատուիրակութիւն մը ըլլալ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մաքոքային աշխատանք տանողի մը պէտք ունինք, հսկողներու պէտք ունինք: կրնանք նաեւ ամերիկացիները ընդունիլ: Մեր տեսանկիւնէն հարցը այս ուղղութեամբ կ՛ընթանայ»:

«Տեր Սթանտարտ» Պայըքի հետ այս հարցազրոյցը կատարած է Իրաքի մէջ Իրանի հետ սահմանին մօտ անյայտ վայրի մը մէջ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ ՔԱԿ-ը Թուրքիոյ նման ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատեն:

 

Share this Article
CATEGORIES