Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՍՏ տեղեկատուական աղբիւրներու, կառավարութիւնը կ՛ուղղուի ընդունելու Ժապհաթ Նուսրայի ներկայացուցած երրորդ առաջարկը` ազատ արձակելու համար առեւանգուած բանակայինները:

Երրորդ առաջարկին լոյսին տակ պահանջուած է լիբանանեան բանտերէն ազատ արձակել 5 արգելափակեալներ, իսկ սուրիական բանտերէն` 50 կին բանտարկեալներ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սուրիացի նախարարէ մը, յայտնեց, որ իրենք Ազեզի փորձառութիւնը կրկնելու ոչ մէկ միտում ունին` նկատի ունենալով, որ այդ մասին Պէյրութ նոյնիսկ շնորհակալութիւն չէ յայտնած Սուրիոյ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը իրարու հետ պէտք է երկխօսութիւն կատարեն եւ ոչ թէ դաւաճանութեամբ ամբաստանեն զիրար:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի հաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը պէտք է կապել հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հետ` պաշտպանելու համար երկրին սահմանադրութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են հաւասարակշռութիւն եւ ազգային գործակցութիւն ապահովող երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը զինելու նպատակով սէուտական-ֆրանսական համաձայնագիրը այսօր պիտի ստորագրուի: Կը նախատեսուի, որ այդ համաձայնագիրին ստորագրութենէն ամիս մը ետք ֆրանսական զէնքն ու զինամթերքը սկսի Լիբանան հասնիլ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութեան սկզբունքները ուղղակիօրէն կապուած են արտաքին քաղաքականութիւններէն հրաժարելու գաղափարին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկող կողմերը պատասխանատու են խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնեցին, որ պէտք է նուազեցնել այն տպաւորութիւնը, թէ հաւատադրժողական շարժումները պիտի տիրեն Լիբանանին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան զինուորականներէն, կը գրէ, թէ բաւարար է լիբանանեան բանակին դէմ գրգռութիւնները կասեցնել, որպէսզի ան առիթ ունենայ կատարելու իր առաքելութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումի որոշումին հետ պատասխանատուութեամբ պէտք է վարուիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահեր շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դէմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան իրանեան ոճրային քաղաքականութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը համաձայն է, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ըլլայ թեքնիք երկարաձգում` մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կրնայ անակնկալ քայլ մը որդեգրել, եթէ քրիստոնեայ երեսփոխանները մերժեն քուէարկել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա կը ջանայ Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռը թափուր պահել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հասան Մնայմնէ յայտնեց, որ պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանը Լիբանանի մէջ միակ գաղթակայանն է, որ զէնքերէ զերծ է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ահաբեկչական նպատակներով օգտագործուող զէնքը նման է դաւաճանութեան նպատակով օգտագործուող զէնքին` աւելցնելով, որ անոնք բոլորը ապօրինի զէնքեր են:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը երէկ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ շրջուն ջոկատներով խստացուցին իրենց հսկողութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան զինեալ ուժերու պատասխանատու Մունիր Մաքտահ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ ահաբեկչութիւն կատարած երգիչ Ֆատլ Շաքեր ընդարձակ հաղորդակցութիւններու նախաձեռնած է` լուծելու համար իր հարցը եւ անձնատուր ըլլալու լիբանանեան իշխանութիւններուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ իրենք այսօր պիտի որոշեն խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու խորհրդարանի նիստին մասնակցելու հաւանականութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը խանգարող կողմը քրիստոնեաներու գոյութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ձախողութեան պիտի մատնուին երեսփոխանական որեւէ ընտրութեան պարագային:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ Թրիփոլի եւ անոր շրջակայքը կը մերժեն ծայրայեղութիւնը եւ կառչած կը մնան երկրին նկատմամբ իրենց հաւատարմութեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES