Ժոմպլաթ. «Սլէյման Եւ Հարիրի Իրենց Դերակատարութիւնը Ունեցան` Բանակին Երեք Միլիառ Տոլարի Նուիրատուութիւն Ապահովելու Իմաստով»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ «Թուիթըր»-ի իր անձնական էջին վրայ գրեց, որ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են լիբանանեան բանակին երեք միլիառ տոլարի նուիրատուութիւն ապահովելու իմաստով:
Ժոմպլաթ ուրախութիւն յայտնեց այն առումով, որ լիբանանեան բանակին կատարուելիք նուիրատուութիւնը կարելի պիտի ըլլայ ձեռք ձգել: «Ֆրանսական զէնքն ու զինամթերքը արժէքաւոր են, իսկ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորն ու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը` շնորհակալութեան արժանի», ըսաւ ան:
CATEGORIES Լիբանանեան

