Մուսթաքպալ Պլոք. «Թրիփոլի Դարձեալ Փաստեց, Որ Ինք Չափաւորականութեան Քաղաքն Է»

Պլոքի նիստէն պահ մը
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Թրիփոլի դարձեալ փաստած է, թէ ինք չափաւորականութեան քաղաքն է, որ կը յարգէ օրէնքը եւ կանոնը, ինչպէս նաեւ միայն կրնայ ըլլալ պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն` բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զօրակցութեան քաղաքը:
Պլոքը ընդգծեց նաեւ, որ Թրիփոլի նախանձախնդիր է, որ լիբանանեան պետութիւնը ամրապնդուի եւ բոլորը կառչած մնան օրէնքին, ազգային համերաշխութեան եւ չափաւորականութեան:
Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց Պէյրութի կարգ մը արուարձաններուն մէջ քաղաքական ուժերու կողմէ յստակօրէն նշմարուող զինեալ երեւոյթները, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն Աշուրայի հաւաքներուն ապահովութեան հսկելու պատճառաբանութեամբ:
CATEGORIES Լիբանանեան

