Ակնարկ. Ստեփանակերտէն Դէպի Ինքնորոշուելու Փորձ Կատարող Ժողովուրդներ

1106flags1Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Քանատա կը տեղադրուի Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու տարբեր երկիրներ այցելութեան, Արցախի քաղաքական խնդիրները միջազգային շրջանակներու մէջ արծարծելու, անշուշտ ազրպէյճանական ապակողմնորոշող քաղաքականութեան դիմաց առարկայական տուեալներ փոխանցելու եւ նաեւ տեղւոյն հայ համայնքներուն հետ հանդիպումներ ունենալու ընդհանուր պարունակին մէջ:

Քանատա կատարուած այցելութեան նկարագրականը եւս այդ տպաւորութիւնն ու համոզումը կը փոխանցէ: Կարելի է ըսել, որ այս բոլորին մասին պաշտօնական լրատուութիւնը  բաւական զուսպ է եւ չի բանար բոլոր փակագիծերը: Որոշ շեշտադրումներ Ստեփանակերտի ճշդած առաջադրանքներուն մասին ընդհանուր տեղեկութիւն կը փոխանցեն անշուշտ: Պէտք է կարեւոր նկատել լրատուութեան հետեւեալ բաժինը. «Քեպեքի նահանգային խորհրդարանի անդամներուն  հետ հանդիպումին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է ղարաբաղեան – ազրպէյճանական տագնապի լուծման հոլովոյթի ներկայ փուլը, լուծման հարցին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումն ու մօտեցումները: Կողմերը նաեւ  անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարական պետականաշինութեան հոլովոյթին եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրուած նուաճումներուն: Միտքեր փոխանակուած են նաեւ համագործակցութեան կարելիութիւններուն շուրջ»:

Խորքին մէջ այս հանդիպումը եզրափակած է Միրզոյեանի գործուղումը Քանատա: Այս հանդիպման ընթացքին Արցախի պատուիրակութիւնը յատկապէս խօսած է Արցախի մէջ ժողովրդավարական հիմունքներով պետականաշինութեան եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրուած նուաճումներուն մասին: Հետզհետէ աւելի մօտենանք փակագիծերուն մէջ ամփոփուած բովանդակութեան: Ժողովրդավարական հիմունքի վրայ պետականաշինութեան մեկնարկը համաժողովրդային հանրաքուէն է, որ միջազգային օրէնքին համահունչ կը նուիրականացնէ եւ կ՛իրաւականացնէ ինքնորոշման սկզբունքը:

Կը վերադառնանք Քեպեք. յիշենք անմիջապէս շուրջ մէկուկէս ամիս առաջ Միրզոյեանի կատարած այցելութիւնը Պասքերու երկիր: Այդ առիթով  Ստեփանակերտ եւ Տոնոսթիա քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան համաձայնագիր, որուն մէջ կը նշուի, որ կողմերը հիմնուելով հաւասարութեան եւ փոխադարձ շահաւէտութեան սկզբունքներուն վրայ, պիտի իրականացնեն փորձառութեան փոխանակում եւ համագործակցութիւն տարբեր մարզերու մէջ:

Քեպեքի հետ եւս Ստեփանակերտը խորհրդակցած էր համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն շուրջ: Հիմա աւելի պարզ կը դառնայ, որ ինքնորոշման ճամբուն վրայ գտնուող ժողովուրդներն ու զիրենք ներկայացնող քաղաքական ներկայացուցչութիւնները գործուղման աշխատանքային թիրախ ճշդուած են Արցախի կողմէ: Արցախը հանրաքուէի ճամբով ինքնորոշուած ըլլալու, պետականութիւն հաստատելու եւ պետականաշինութեան առումով ճամբայ կտրած ըլլալու իր փորձառութիւնները կը փոխանցէ ինքնորոշումը առաջադրած ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն: Այստեղ հաւանաբար երկրորդական է հանրաքուէի արդիւնքը կամ տուեալ տարածքին ու ժողովուրդին ինքնորոշուած ըլլալու փաստին միջազգային գնահատականը: Խնդիրը, որ իբրեւ առաջադրանք յայտնաբար արծարծումի ենթակայ կը դառնայ Ստեփանակերտի կողմէ, փորձառութիւններու փոխանակման փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան ուղիներու հաստատման շրջագիծին մէջ պէտք է դիտարկել:

Ինչու չէ. նման համագործակցութիւնները իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան Արցախի անկախութեան ճանաչման հիմնական օրակարգի իրականացման աշխատանքին մէջ:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )