Հաղորդագրութիւն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, երեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը, որ իբրեւ գլխաւոր կէտ դրուած էր խորհրդարանի երէկուան նիստին օրակարգին վրայ:
Նիստէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, որ երբ կուսակցութիւնը նախորդ անգամ համաձայն գտնուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան 19 ամիսով երկարաձգման, ապա այդ որոշումը տուաւ մեկնելով այն դիտանկիւնէն, որ անհրաժեշտ է առիթ տալ խորհրդարանին մշակելու արդիական ընտրական օրէնք մը, որ լիբանանեան հիւսուածքին մաս կազմող տարբեր շերտերուն արդար ներկայացուցչութիւնը ապահովէ: Դժբախտաբար սակայն խորհրդարանը իր պարտականութիւնները չկատարեց ընտրական այդ օրէնքը մշակելու վաւերացնելու իմաստով:
Առ այդ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր նիստին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանցիները արժանի են ունենալու արդիական ընտրական օրէնք մը, որ կը վերացնէ լիբանանցի ժողովուրդի տարբեր հատուածներու իրաւազրկումը եւ առիթ կ՛ընծայէ անոնց ընտրելու իրենց իսկական ներկայացուցիչները:
Կեդրոնական կոմիտէն ընդգծեց իշխանութեան հերթափոխութիւնը ապահովելու լիբանանցիներուն ժողովրդավարական իրաւունքին անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կ՛ապահովուի ազատ եւ ժողովրդավարական երեսփոխանական ընտրութիւններով:
Հետեւաբար, Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը չորեքշաբթի, 5 նոյեմբերի խորհրդարանի լիագումարին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ, սակայն դէմ պիտի քուէարկէ արդէն իսկ իր երկարաձգուած պաշտօնավարութիւնը աւարտած խորհրդարանին պաշտօնավարութեան նոր երկարաձգումին:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

