Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ գործառնութիւն մը ունիք կատարելիք, այդպէս սկսիք գործի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանեկան կամ ընկերային կեանքի մէջ մէկ ճամբայ ունիք, անկեղծօրէն կ՛ըսէք ձեր մտածումները, թէեւ ամէն մարդ համաձայն չի գտնուիր ձեզի հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յաճախ կ՛առանձնանաք եւ կը մտածէք ձեր ընելիքներուն մասին. ընկերութիւնը մի՛ անտեսէք եւ ձեր պատեանէն դուրս ելէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընկերային նոր կապեր պիտի հաստատէք. սակայն լաւ կ՛ըլլայ, որ անկեղծ մարդոց հետ յարաբերիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ ձեր շուրջը, մանաւանդ` ձեր ասպարէզին մէջ, իւրաքանչիւր անձ պիտի ջանայ իր աստիճանը բարձրացնել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յաջողութիւնը ձեզի հետ է. աստղերը կը փայլին, եւ ամէն մարդ ձեզ պիտի գնահատէ եւ ձեր օգնութեան պիտի դիմէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Զգուշ եղէք, բարդութիւններ պիտի ստեղծուին. ձեզի կը մնայ հաւասարակշռել ձեր կեանքը, մանաւանդ` ձեր տնտեսականը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուշադիր եղէք, ձեզ պիտի դնեն կատարուած իրողութեան մը դիմաց. ձեր իմաստութեամբ պիտի յաղթահարէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ շատ աշխատելէ եւ զուարճութենէ յոգնած էք, մտածեցէք շաբաթ մը արձակուրդ առնելու եւ հանգստանալու մասին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Տաք եւ հաճելի տեսակցութիւններ պիտի ունենաք. եթէ խնդրանք մը ունիք կատարելիք, ժամանակն է. ձեզ մերժող պիտի չըլլայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յաճախ փորձութիւնը ունիք դիմացինին հակառակելու. զգո՛ւշ, չափազանցելը լաւ չէ, կրնան ձեզի հակազդել եւ վիրաւորել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ ազնիւ եւ ծառայասէր էք. միշտ պատրաստ էք ուրիշներու համար, ինչ որ պիտի գնահատուի:

