50 Տարի Առաջ (6 Նոյեմբեր 1964)
Խմբագրական
Կրթական Գործը
(Նախամուտ Ընդարձակ Քննութեան Մը)
Դպրոցական վերամուտի առիթով ձեռնարկած ենք ընդարձակ ուսումնասիրութեան մը, տեսակ մը քննութիւն` ամբողջական պատկերով յստակ գաղափար մը կազմելու համար կրթական ներկայ կացութեան մասին: Վստահ ենք, որ մեր ընթերցողները հետաքրքրութեամբ պիտի հետեւին այս շահեկան անքեթին, որ ընդհանուր գիծերու մէջ, հասարակաց յայտարարի մը պիտի բերէ կրթական մարզի մէջ պատասխանատու մարմիններու թափած ճիգերը` ի խնդիր մակարդակի բարձրացման:
Առայժմ ի ձեռին չունինք բոլոր տուեալները` որոշ հաստատումներ կատարելու համար կրթական գործի մասին: Ատիկա կարելի պիտի ըլլայ, երբ իրարու ետեւէ թուղթին յանձնուին մեր քաղած տեղեկութիւնները, որոնք կը քաղուին բուն աղբիւրէն` հայկական վարժարաններու պատասխանատուներէն: Բայց այժմէն իսկ կարելի է ուրախութեամբ նկատել, որ մեր քննութիւնը գոհունակութեամբ կը դիմաւորուի ենթականերուն կողմէ, որոնք սիրայօժար պատրաստակամութեամբ կ՛ուզեն հաղորդակից դառնալ հասարակութեան հետ` պարզելու համար իրենց խնդիրները ու նաեւ նպատակները:
Կը նկատենք նաեւ, թէ այսօր լիբանանեան ազատ հողի վրայ, ուր իբրեւ համայնք կը վայելենք իսկական ժողովրդավարութեան մը բոլոր բարիքները, ուր նոյնիսկ արաբերէն լեզուի ուսուցիչներ պետութեան կողմէ ձրիօրէն կը տրամադրուին մեզի, մեր գիրին ու գրականութեան կը ծառայեն վաթսունեւութ երկրորդական, միջնակարգ վարժարաններ ու նախակրթարաններ` ենթակայ ազգային իշխանութեան կամ մասնաւոր կազմակերպութիւններու եւ ընկերակցութիւններու: Թիւ մըն է այս, որ իսկապէս պատկառելի է` բաղդատած մեր համրանքին:
Սրտապնդիչ երեւոյթ մըն է այս, որ հնարաւորութիւն կու տայ մեզի առաւել լաւատեսութեամբ համակուելու հանդէպ կրթական գործին, որ տարուէ տարի նոր պահանջներու առջեւ կը դնէ Ազգային իշխանութիւնները:
Սրտապնդիչ` անոր համար, որ կրթական գործին ընդմէջէն մենք կը տեսնենք հայ ժողովուրդի ապագան, անոր գոյատեւման եւ վերելքին գաղտնիքը: Դպրոցը, այլ ազդակներու օժանդակութեամբ, հիմնաքարն է, որուն վրայ կու գայ կերտուիլ ազգային շէնքը` իբրեւ ազգային ուրոյն միաւոր եւ մէկ մշակոյթի ու մէկ իտէալի ծառայող ժողովուրդ:
Գաղափարական եւ քաղաքական տարակարծութիւնները կը հալին ու կը չքանան, երբ հայապահպանման կենսական հարցը կը դրուի հայ ժողովուրդին առջեւ: Ու կը նկատենք, թէ հայ գիրին ու գրականութեան ծառայող իւրաքանչիւր հաստատութիւն, ի՛նչ հոսանքի ալ պատկանի, եթէ հայութեան հասարակաց նպատակը չի խաթարեր կողմնակի նկատումներով, նպաստ մըն է այն մեծ պայքարին մէջ, որ մեր ժողովուրդը կը մղէ անօրինակ պայմաններու մէջ, այլազան քաղաքակրթութիւններու հմայքին ներքեւ, այլազան ազդեցութիւններու ենթակայ:
Մեր քննութիւններուն նպատակն է հայ ժողովուրդը սրտապնդել կրթական գործին հանդէպ իր զգացումներուն եւ մտածումներուն մէջ: Հաւաստիք տալ, թէ գործին կարեւորութիւնը լաւագոյն ձեւով ըմբռնուած է բոլոր մարմիններուն կողմէ` սկսած Ազգային իշխանութիւններէն մինչեւ Ուսումնական խորհուրդ, թաղականութիւններ, տնօրէններ եւ ուսուցչական կազմեր: Կը մնայ ապահովել հասարակութեան օժանդակութիւնը, որ տեղ-տեղ կը պակսի` խոշոր բաց մը ձգելով:
Պէտք է գիտնանք, եթէ տակաւին չենք գիտեր, թէ մեր ամբողջ յոյսն ու ապագան կախում ունին այն սերունդէն, որ պիտի գայ հայկական մտահոգութիւններով եւ հայու դիմագծով: Նման մտահոգութիւններու եւ դիմագծի միակ գրաւականը հայ դպրոցն է: Մենք ուրիշ միջոց չենք տեսներ` չթերագնահատելով հանդերձ այլ ազդակներու կարեւորութիւնը:
Լիբանանահայ կրթական գործը, իր ներկայ թափին մէջ, յոյս կը ներշնչէ մեզի, թէ առաջիկայ տարիներու ընթացքին բաւական ճամբայ պիտի կտրենք` վերաշահելու համար այն գետինը, զոր կորսնցուցինք անտեղի խարխափումներով եւ կաղացումներով:
Ընենք այնպէս մը, որ մեր տկարագոյն կէտը վերածենք զօրաւորագոյն կէտին, որովհետեւ այդպէս կը պահանջէ հայ ժողովուրդի շահը, աւելի՛ն, ատկէ կախում ունի մեր ապագան:

