Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Իրան

Արամ Ա. Կաթողիկոսն Ու Սփիւռքի Նախարարը
«
Ալիք» Կ՛այցելեն

1022_hranoush* Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին Իրան կատարած պաշտօնական այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, Իրան ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 22 հոկտեմբերին այցելեց «Ալիք»: Հրայր Մարուխեանի անուան սրահին մէջ հաստատութեան անունով խօսք առաւ Թովմաս Թովմասեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի կողմէ ազգային արժէքներու պահպանման ի խնդիր կատարուած աշխատանքներուն:

«Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Հայաստան-սփիւռք կառուցողական համագործակցութեան զարգացման` գնահատելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարին անխոնջ ջանքերը` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու աւելի զարգացման եւ աշխուժացման կապակցութեամբ:

Իր կարգին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ իրանահայութեան ունեցած դերակատարութեան` Իրան-Հայաստան սերտ յարաբերութիւններու աւելի ամրապնդման գործին մէջ: Ան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովի նպատակներուն մասին եւ կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն գծով տարուած աշխատանքները:

Յայտնենք, որ  Հայաստանի սփիւռքի նախարարը այցելեց նաեւ  Սասուն քաղաքամասի «Ա. Աւետիսեան» ազգ. բուժարան, ՀՄ «Սիփան» միութիւն, ՀՄՄ «Րաֆֆի» համալիր եւ ծանօթացաւ անոնց  գործունէութիւններուն:

1022_vehapar* Հոկտեմբեր 25-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ այցելեց «Ալիք»: «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտչեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին ՀՅԴ սերտ համագործակցութեան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ, եւ կարեւոր նկատեց Հայ դատի գծով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անժխտելի դերը:

«Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին Իրան այցելութեան` շեշտելով Հայաստան-սփիւռք 5-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին վեհափառ հայրապետի ներկայացուցած գործնական առաջարկներու ընդմէջէն, նաեւ միջազգային բեմին եւ յատկապէս Հայ դատի ուղղութեամբ անոր անժխտելի դերակատարութիւնը:

Իսլ. խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխանը անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին Իրան կատարած այցելութեան քաղաքական ձեռքբերումներուն:

Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ նեցուկ կանգնած է բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք մեր ժողովուրդի ամբողջական տեսիլքի ու երազներու հեռանկարով կը գործեն:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ «Ալիք»-ը համապարփակ, համատարած, բազմատարած առաքելութիւն մըն է Իրանի հայութեան կեանքին մէջ եւ իբր այդպիսին` Իրանի հայութեան կեանքին մէջ առանցքային տեղ ու դեր ունի: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց առաջնորդներուն դերը, որոնք  հաւատքի առաքելութեամբ եւ ազգային ծառայութեամբ լծուած »ն աշխատանքի: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տարուած աշխատանքներուն, յատկապէս` միջազգային բեմերու վրայ:

Միացեալ Նահանգներ

«Հայաստան» Համահայկական
Հիմնադրամի Մեկնարկ

1016_gala«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը  նոյեմբերին պիտի ունենայ իր տարեկան թելեթոնը, որուն պաշտօնական ընդունելութեան` 23 նոյեմբերին կայանալիք կալային համար մեկնարկի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ 16 հոկտեմբերին, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ: Պատուոյ հիւրն էր Արցախի փոխվարչապետ զօր. Արթուր Աղաբէկեան: Ներկայ էին առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Յովնան արք. Տէրտէրեան, նաեւ` պաշտօնական եւ ներկայացուցչական դէմքեր:

Սրբազանը իր խօսքին մէջ վերահաստատեց թեմին զօրակցութիւնը մայր հայրենիքին եւ անոր բարգաւաճման ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն` բարձր գնահատելով այս ծիրին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին գործունէութիւնը:

Խօսք առին նաեւ զօր. Ա. Աղաբէկեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպեր Աւետիսեան, «Հայաստան» հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու վարիչ Սարգիս Գոթանճեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան:

«Հայրենիք»-ի 115-Ամեակի Եւ «Արմինիըն
Ուիքլի»-ի 80-Ամեակի Նշում` Պոսթընի Մէջ

1026_HAYRENIK1Կիրակի, հոկտեմբեր 26-ին, Պոսթընի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի 115-ամեակի ձեռնարկը` Աւօ եւ Քարմէն Պարմաքեաններու բնակարանին (Ուալթհամ) մէջ:

Ներկաներուն թիւը կը գերազանցէր 150-ը:

Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն կողքին,  ներկայ էին այլ միութիւններու եւ հիմնարկներու ներկայացուցիչներ:

1026_HAYRENIK2Ձեռնարկի Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Հետըր Քրաֆեան, որ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար Քրիսթի Ռենտալը:

Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած Ռենտալ 1997-էն 2002 գործած է Հայաստանի մէջ եւ ամէն տարի հետեւողականօրէն կը շարունակէ այցելել: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք Ռենտալ բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի օրուան ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեանը: Վերջինս բացատրեց օրուան հաւաքի միտք բանին` մանրամասնելով, թէ, հակառակ տնտեսական դժուար պայմաններուն, «Հայրենիք» կը շարունակէ գործել` շարունակ քայլ պահելով փոփոխութիւններուն հետ:

Ապա Գասպարեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որ յուշեր պատմեց «Հայրենիք»-էն, յատկապէս քաղաքի կեդրոնին մէջ գտնուող նախկին կեդրոնէն` 212 Stuart Street: Յովհաննէսեան շեշտեց, թէ «Հայրենիք» թերթին կողքին յատկապէս յիշատակելի էին քանի մը տասնեակ տարիներ հրատարակուած ամսագիրները, որոնց թիւերը իրենց բովանդակութեամբ ցայսօր մեծ կարեւորութիւն ունին եւ շարունակ զանազան ուսումնասիրութիւններու աղբիւր կը հանդիսանան:

Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ շարունակեն իրենց թէ՛ բարոյական, եւ թէ նիւթական օժանդակութիւնը: Կարճ պատմականով մը ան նաեւ ներկայացուց «Հայրենիք»-ի անգլերէն բաժինի ծնունդը` «Արմինիըն Ուիքլի»-ն, որ իր կարգին այս տարի կը տօնէ իր 80-ամեակը:

Աւիկ Տէրենց արտասանեց «Հայրենիք»-ին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը: Բեմ հրաւիրուեցաւ Թոմ Վարդապետեան, որ լրագրութեան մարզին մէջ ծառայած է տարիներ շարունակ: Ան իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, այս յիշատակելի օրուան առթիւ, Միտըլսեքս շրջանի շերիֆ Փիթըր Գութուճեանի կողմէ «Հայրենիք»-ի 115-ամեակն ու «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 80-ամեակը նշող յատուկ յուշատախտակներ յանձնեց:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան երկու թերթերուն խմբագիրները` Նանոր Պարսումեան («Արմինիըն Ուիքլի») եւ Զաւէն Թորիկեան («Հայրենիք»), որոնք փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը:

Այս առթիւ, պարգեւատրուեցան տարիներ շարունակ թերթին ծառայած հետեւողական աշխատակիցներ Կարիս Զերտէլեան («Հայրենիք»), Մայքըլ Մենսոյեան («Արմինիըն Ուիքլի») եւ տոքթ. Հենրի Ասթարճեան («Հայրենիք» եւ «Արմինիըն Ուիքլի»): Անոնք ստացան Հրայր Բազէի լոյս ընծայած կոթողական ալպոմը` նուիրուած հայկական եկեղեցիներուն:

Նմանօրինակ պարգեւ մը յանձնուեցաւ նաեւ հիւրընկալ Աւօ եւ Քարմէն Պարմաքեաններուն, որոնք իրենց երդիքին տակ ընդունած էին «Հայրենիք»-ի բարեկամները:

Աւելի քան երեք ժամ տեւած սոյն ձեռնարկի եզրափակման, կրկին խօսք առաւ Անդրանիկ Գասպարեան եւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ձեռնարկի աւարտէն ետք շարունակեցին իրենց զրոյցները:

Շահան Արք. Սարգիսեան Արեւմտեան Թեմ Իր
Այցելութիւնը Աւարտեց` Պատարագելով
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

1019_serpazanԹեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրով Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան  կիրակի, 19 հոկտեմբերին Ս. պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` իր լրումին հասցնելով թեմին տուած իր աւելի քան մէկ շաբթուան այցելութիւնը: Յայտնենք, որ հիւր սրբազանը թեմ ժամանած էր յատուկ առաքելութեամբ` զօրակցութիւն ապահովելու համար Սուրիոյ հայութեան ու մասնաւորապէս մեր վարժարաններուն:

Իր հրաժեշտի պատգամին մէջ Շահան սրբազան գոհունակութիւն յայտնեց գաղութին մէջ Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ զօրակցական մթնոլորտին համար, որոնք արտայայտութիւն գտան հանդիպումներու ընթացքին եւ հանգանակային աշխատանքներով: Ան երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերին, մեկնեցաւ Լոս Անճելըսէն` իր ամերիկեան շրջապտոյտը շարունակելու համար Արեւելեան եւ Քանատայի թեմերուն մէջ:

Սուրիոյ Հայութեան Ի Նպաստ` Շամլեան
Վարժարանի Աշակերտներու Քայլարշաւը
Դէպի Ազգային Առաջնորդարան

1022_SYRIAՍուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս գաղութի  դպրոցներուն աջակցութիւն տրամադրելու վարժարանին նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, 22 հոկտեմբերին կազմակերպուեցաւ հանգանակային քայլարշաւ մը: Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ կարգի աշակերտները, ընկերակցութեամբ  վարժարանի փոխ տնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեանի եւ իրենց դաստիարակներուն, քալելով հասան Ազգային առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին կողմէ:

Անոնք նախ այցելեցին «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ապա անցան սրահ, ուր նախատեսուած էր առաջնորդ սրբազանին հետ հանդիպումը:

Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց քայլարշաւի այս նախաձեռնութիւնը եւ աշակերտներուն պատրաստակամութիւնը` օգնութեան ձեռք երկարելու Սուրիոյ իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Ան հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ Ազգային առաջնորդարանի գործունէութեան եւ ազգային վարժարաններուն հետ կապին մասին` շեշտելով, որ երկու հաստատութիւններն ալ կը պատկանին հայ ժողովուրդին, եւ որովհետեւ աշակերտները մաս կը կազմեն հայութեան, Ազգային առաջնորդարանն ու ազգային վարժարանը կը պատկանին նաեւ իրենց:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Հալէպի վիճակուած պատերազմական կացութիւնն ու հայկական դպրոցներու առօրեան:

Աւարտին առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ մինչ մեր աշակերտները խաղաղ ու հանգստաւէտ պայմաններու մէջ կ’ապրին, դպրոց կը յաճախեն, Հալէպի մէջ անոնց քոյրերն ու եղբայրները մատնուած են վտանգներու, կը տառապին ելեկտրականութեան եւ ջուրի տագնապներու պատճառով, սակայն հայեցի դաստիարակութիւնը կը շարունակուի` հակառակ աննպաստ պայմաններուն: Ան բարձր գնահատեց հանգանակային քայլարշաւի եւ այլ նախաձեռնութիւններու աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն մասնակցութիւնը եւ մաղթեց, որ Սուրիոյ հայութիւնը վերագտնէ իր խաղաղ պայմանները եւ հայակերտումի երթը ամէն տեղ շարունակուի աննահանջ կերպով:

Նշենք, որ նոյն օրը վարժարանի 7-րդ եւ 8-րդ կարգի աշակերտները նոյն նպատակով քայլարշաւ մը կատարած էին դէպի Լա Քրեսենթայի Հայ կեդրոնը, իսկ վարժարանը վերջին օրերուն կազմակերպած է հանգանակային այլ աշխատանքներ:

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին
Ի Նպաստ Դրամահաւաք` Ծովածոցի Մէջ

0928_AUAՍեպտեմբեր 28-ին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի գիտութեան եւ ճարտարապետութեան բաժանմունքին ի նպաստ տեղի ունեցաւ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը`  Ծովածոցի Հիլպորօ քաղաքը գտնուող Ճեք եւ Սիւզի Քումճեան ամոլի բնակարանին մէջ` մասնակցութեամբ մօտաւորապէս 100 համակիրներու:

Համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Լորընս Փից խօսք առնելով` անդրադարձաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի համակարգին միջեւ նմանութեանց մասին` նշելով, որ երկուքն ալ ոտքի կը մնան շնորհիւ պետական օժանդակութեանց եւ անհատական նուիրատուներու աջակցութեան:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ մէջ քաղաքական եւ կրթական զանազան պաշտօններ ստանձնած Ճօ Սիմիթեան եւ համալսարանի շրջանաւարտներէն դոկտ. Լուսին Պօղոսեան: Ապա համալսարանի տնօրէն դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան կանգ առաւ Հայաստանի քաղաքական եւ գործարար մարզերու ապագայ ղեկավարներ պատրաստելու համալսարանին առաքելութեան կարեւորութեան վրայ:

Յայտնենք, որ ընթրիքի մասնակիցներուն եւ այլ նուիրատուներու համագործակցութեամբ, կարելի եղաւ  գոյացնել աւելի քան 250 հազար տոլար:

ՀՄԸՄ-ի Ղեկավարման Սեմինար

1017_seminar17-19 հոկտեմբերի շաբաթավերջը, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Արիկ Գէորգեանի առաջնորդութեամբ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցաւ ղեկավարման սեմինար մը` Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀՄԸՄ-ի երեք մասնաճիւղերուն (Սան Ֆրանսիսքօ, Սանթա Քլարայի «Անի» եւ Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս») համար:

Սեմինարին նպատակն էր կազմակերպական ու խմբային գործունէութեան ռազմավարութեան, անդամարշաւի եւ ընդհանրապէս ղեկավարման մարտավարութեանց մասին տեղեկութիւններ հայթայթել նշեալ մասնաճիւղերու անդամներուն:

Արիկ Գէորգեան ակնարկ մը նետեց ՀՄԸՄ-ի պատմութեան վրայ, ինչպէս նաեւ շեշտը դրաւ անդամարշաւի եւ անդամները շարքերուն մէջ պահելու աշխատանքներուն կարեւորութեան վրայ:  Սեմինարին ընթացքին քննուեցան տարակարծութիւններ լուծելու, պարտականութիւններ բաժնելու, «շրջանաւարտ» ՀՄԸՄ-ականներու եւ ՀՄԸՄ-ականներու ծնողներուն հետ յարաբերութիւններ հաստատելու եւ անոնց ներդրումը ապահովելու կարեւորութիւնը: Մասնակիցները նաեւ կատարեցին խմբային աշխատանքներ:

 

Վրաստան

Երեւանի Քաղաքապետարանի
Պատուիրակութեան Այցը Ս. Էջմիածին Եկեղեցի

1025_VRASDAN25-26  հոկտեմբերին «Թիֆլիսոբա» տօնին առիթով Երեւանի քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ փոխ քաղաքապետ Դաւիթ Օհանեանի այցելեց Թիֆլիս:

Հոկտեմբեր 26-ին Հավլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ  Ս. պատարագ: Աւարտին պատուիրակութիւնը  հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանին հետ: Սրբազանը տեղեկութիւններ փոխանցեց տօնին առիթով կազմակերպուած  ձեռնարկներուն մասին: Ան անդրադարձաւ նաեւ Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ  եւ Ս. Նորաշէն տաճարի վերականգնողական աշխատանքներուն:

Պատուիրակութեան անդամները այնուհետեւ այցելեցին «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոն եւ  ծանօթացան կեդրոնի գործունէութեան, որմէ ետք այցելեցին հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոն, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Ապա անոնք հանդիպում ունեցան Վրաստանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան  Եուրի Վարդանեանին հետ: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու մայրաքաղաքներուն վերաբերող հարցերու մասին:

Ընթացքի Մէջ Են Սուրբ Նորաշէն Եկեղեցւոյ
Վերականգնման Աշխատանքները

1002_NorashenՀոկտեմբեր 2-էն սկսեալ 15-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Նորաշէն եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները սկսած են:

Եկեղեցիներու վերականգնման աշխատանքներու ծրագրաւորման եւ նախագիծերու մշակման նպատակով ստեղծուեցաւ աշխատանքային խումբ մը:

Յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին պիտի իրականացուին եկեղեցւոյ հիմերու ամրապնդումը, իսկ այնուհետեւ` արտաքին տեսքի վերականգնողական աշխատանքները: Պիծինա Իվանիշվիլիի նախաձեռնութեան համաձայն, վերականգնման աշխատանքները կ՛իրականանան «Քարթու» պատմական յուշարձաններու պահպանութեան հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ: Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքներու նախագիծերու պատրաստութեան եւ շինարարութեան ընթացքին կը հետեւի վիրահայոց թեմը, իսկ Վրաստանի մշակոյթի նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ազգային գործակալութեան կողմէ կ՛իրականացուի աշխատանքներու վերահսկողութիւնը: Վերականգնողական աշխատանքները պիտի տեւեն երեք տարի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )