Արամ Ա. Կաթողիկոս Թեհրանի Մէջ. Այցելութիւն` Ս. Սարգիս Եւ Ս. Վարդանանց Եկեղեցիներ

1024_yeyeghetzi24 հոկտեմբեր 2014-ին Իրան կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Թեհրանի Ս. Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. պատարագին, զոր մատուցեց Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան:

Իր հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց հաւատացեալներուն, թէ կեանքի աղբիւրը Աստուած է, ուստի մարդը սեփականատէրը չէ իր կեանքին, այլ մարդը կոչուած է իր կեանքը ապրելու Աստուծոյ համար: Առ այդ, ան ընդհանուր գիծերով պարզեց, թէ քրիստոնեայ մարդը ի՞նչ ձեւով պէտք է ապրի իր կեանքը` զայն արժեւորելով հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ու սկզբունքներով:

Նոյն օրը երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը այցելեց Թեհրանի Սարդարապատ թաղամասի Ս. Վարդանանց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք: Առաջնորդ սրբազանին ողջոյնի խօսքէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամին մէջ անդրադառնալով հովիւ եւ հօտ յարաբերութեան` ըսաւ, թէ հոգեւորականը առիթներ պէտք է ստեղծէ, որպէս հոգեւոր հովիւ իր ժողովուրդին հետ ըլլալու, որպէսզի իր ծառայութիւնը դառնայ աւելի արդիւնաւէտ:

Այցելութիւն` Թեհրանի  Կրթական Կառոյցներ

1025_schoolԻրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ընկերակցութեամբ, 25 հոկտեմբեր 2014-ին  Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար այցելեց Մարիամեան եւ Սողոմոնեան վարժարանները:  Աշակերտները երգերով, ասմունքներով եւ ուղերձներով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:

Վեհափառ հայրապետը աշակերտներուն ուղղած իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ դպրոցի առաքելութեան` որպէս հայակերտումի նուիրական օճախ: Կոչ ուղղեց հայագիտական նիւթերու յատուկ կարեւորութիւն տալու եւ թելադրեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները յանձնեն հայ դպրոցի հայացնող մթնոլորտին:

Ան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ ուսուցչական կազմերուն հետ եւ գնահատեց ուսուցիչները իրենց կատարած նուիրական առաքելութեան համար:

Թեհրանի «Սասուն» Թաղամասին Մէջ

10671253_330125163838509_1712701906520361242_n25 հոկտեմբերի երեկոյեան Թեհրանի «Սասուն» թաղամասի ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ առաջնորդուեցաւ Ս. Թարգմանչաց եկեղեցի, ուր ուղղած իր պատգամին մէջ ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդի զաւակները միշտ պէտք է լեցնեն եկեղեցին, որպէսզի իրենք եկեղեցւոյ ճամբով լեցուին մեր հոգեւոր արժէքներով ու աւանդութիւններով: Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:

Նոյն օրը կաթողիկոսը այցելեց «Րաֆֆի» միութեան կեդրոնը եւ մօտէն ծանօթ դարձաւ յիշեալ միութեան գործունէութեան: Ապա ներկայ գտնուեցաւ «Սիփան» միութեան կազմակերպած մշակոյթի երեկոյին, ուր Հայաստանէն ժամանած «Բերդ» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ:

Այցելութիւն` Իրանի Միջկրօնական Ու
Մշակութային Յարաբերութեանց Կեդրոն

1026_mich26 հոկտեմբեր 2014-ին կաթողիկոսը այցելեց Իրանի Միջկրօնական ու մշակութային յարաբերութիւններու կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ յիշեալ կեդրոնի տնօրէն` Ապուլար Իպրահիմին եւ անոր խորհրդականին հետ: Հանդիպման ընթացքին կեդրոնի տնօրէնը` խօսք առնելով ողջունեց վեհափառին ու ներկաներուն այցելութիւնը, ապա շեշտեց իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս Միջին Արեւելքի այսօրուան տագնապալից օրերուն: Ապա ան իր գնահատանքը յայտնեց իրանահայութեան, իրենց ցուցաբերած գործակցութեան ու աջակցութեան յիշեալ կեդրոնին եւ յատկապէս Իրանի հետ:

Վեհափառը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ կեդրոնին ծաւալած աշխատանքներուն եւ ըսաւ, թէ իրանահայ համայնքին տուած իւրաքանչիւր այցելութեան կ՛այցելէ նաեւ այդ կեդրոնը, որովհետեւ հաւատացած է այս կեդրոնի առաքելութեան ու գործունէութեան: Շեշտելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը, ան աւելցուց. «Մենք պէտք է երկխօսութենէն անդին երթանք, որովհետեւ մենք Իրանի մէջ ո՛չ միայն երկխօսութիւն կը կատարենք, այլ այդ երկխօսութիւնը թարգմանած ենք մեր համագործակցութեամբ ու համակեցութեամբ: Այսօրուան արտաքին աշխարհին դիմաց երկխօսութեան, համակեցութեան ու համագործակցութեան տիպարը պէտք է դառնանք»:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ խօսուեցաւ յառաջիկային Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք միջկրօնական երկխօսութեան համագումարի աշխատանքներուն ու թուականին մասին:

Նոյն օրը առաւօտուն, Թեհրանի Զէյթուն թաղամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագիչն էր Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանը: Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց հաւատքի կարեւորութիւնը եւ Յակոբոս առաքեալի խօսքէն մեկնելով` ըսաւ, թէ հաւատքը գործով պէտք է թարգմանել: «Ոեւէ մէկը թող չըսէ, թէ ինք փրկուած է, որովհետեւ առանց հաշուետուութեան փրկութիւն չի կրնար ըլլալ եւ այդ փրկութիւնը մենք Քրիստոսէն պիտի ստանանք», հաստատեց ան:

«Երիտասարդը Մեր Ապագան Չէ,
Այլ` Ներկան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

10743650_332350886949270_1507026095_n26 հոկտեմբերի երեկոյեան Թեհրանի Հայոց առաջնորդարանի սրահին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում  ունեցաւ իրանահայ գաղութի երիտասարդներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին` յանուն ներկայ երիտասարդներուն, Անի Մանուէլեան ուղերձ ընթերցեց:

Կաթողիկոսը իր եզրափակիչ պատգամին մէջ ըսաւ. «Դիւրին չէ այսօր լպրծուն գետնի վրայ հաստատ մնալ: Երիտասարդութիւնը այսօր կը գտնուի այնպիսի հոսանքի դիմաց, որ արդէն իսկ զայն հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու նահանջի ճանապարհին վրայ դրած է: Պէտք է կառչած մնալ հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներուն: Ճիշդ է այսօր ժամանակները փոխուած են, բայց այդ ժամանակներուն զուգահեռ մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք մեր ինքնութեան»: Ապա ան յիշեցուց երիտասարդներուն, թէ անոնք ընկերութեան լուսանցքին վրայ չեն, եւ թէ յատուկ տեղ ու դեր ունին եւ պէտք է ունենան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ երիտասարդը մեր ապագան չէ, այլ` ներկան:

Հանդիպման աւարտին երիտասարդներ հարցումներ ուղղեցին կաթողիկոսին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )