ՀՕՄ-ի Նորակազմ Մասնաճիւղ` Պելճիքայի Մէջ

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները` Պելճիքայի նորակազմ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի անդամներուն հետ:
Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեան հոկտեմբեր 15-16, 2014-ին, այցելեցին Պրիւքսէլ, Պելճիքա, ուր Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի ներկայութեամբ մասնակցեցան Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Հայ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՕՄ-ի համակիրներուն եւ գիրքի հեղինակ Աննա Աստուածատուրեան-Թրքոթին հետ հանդիպման:

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Հայ երիտասարդական միութեան անդամներուն եւ Աննա Աստուածատուրեան-Թրքոթին հետ, Պրիւքսէլի Հայ դատի գրասենեակին մէջ:
Նկատի ունենալով հայ համայնքին հետաքրքրութիւնները Հայ օգնութեան միութեան համահայկական ծրագիրներուն եւ միութեան ընդհանուր գործունէութեան նկատմամբ, ՀՕՄ-ի համակիրներու խանդավառ մասնակցութեամբ, 16 հոկտեմբեր 2014-ին Պրիւքսէլի «Հայ տուն»-ին մէջ հիմը դրուեցաւ Պելճիքայի Հայ օգնութեան միութեան մասնաճիւղին:
Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքէն ետք, Վիգի Մարաշլեան եւ Լիզա Աւագեան ներկայացուցին ՀՕՄ-ի պատմականը, կառոյցը եւ համաhայկական ծրագիրները: Քննարկուեցան նաեւ տեղական գետնի վրայ ծրագիրներ մշակելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ էին 26 համակիրներ, որոնք ներկայիս մաս կը կազմեն ՀՕՄ-ի նորաստեղծ կառոյցին: Ընտրուեցաւ 7 անդամներէ բաղկացած դիւան մը եւ կազմը անմիջապէս անցաւ կազմակերպչական սկզբնական աշխատանքներուն:

Ձախէն աջ` Մեսրոպ Շապոյեան` Պրիւքսէլի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կցորդ, Վիգի Մարաշլեան` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, Արտակ Զաքարեան` Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ եւ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ, Թաթուլ Մարգարեան` Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան եւ Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ:
Պելճիքայի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին հիմնադրութեան առթիւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան ըսաւ. «Կարող ենք հպարտօրէն յայտարարել, թէ ՀՕՄ-ը այսօր որպէս անկախ, համահայկական մարդասիրական միութիւն` կը ծառայէ ամէնուրեք` հասնելով հայ ժողովուրդի ֆիզիքական, ընկերային ու մշակութային կարիքներուն: Ներկայիս ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքը կու գայ անգամ մը եւս փաստելու, որ այս կազմակերպութիւնը իր հարիւրամեայ գործունէութենէն ետք, ներկայիս կը մնայ նոյնքա՛ն աշխուժ, կանգուն եւ լաւատես, ինչպէս որ էր իր սկզբնական շրջանին, միշտ պայծառ ապագայի մը հեռանկարով: Այժմէականացում` 21-րդ դարու ընծայած նո՛ր գաղափարներու, նո՛ր կարելիութիւններու ընկալման իմաստով»:
Այս այցելութեան ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները նաեւ ներկայ գտնուեցան Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Արցախի նուիրուած ձեռնարկներուն եւ հանդիպումներ ունեցան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ` Աշոտ Ղուլեանի, Եւրոմիութիւն-Հայաստան Եւրոպական խորհրդարանին մէջ բարեկամութեան խումբի նախագահ, եւրոերեսփոխաններ Էլենի Թէոխարուսի եւ Ֆրանք Էնկելի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:

