Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կը Մերժէ Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

Սըժաան Քազզի
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախանցեալ օր գումարած նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նիստին մասնակցութեան կարելիութիւնը:
Նիստէն ետք աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ իբրեւ այդպիսին որոշած է խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել:
Քազզի յայտնեց, որ այսօրուան իսկական կարիքը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է:
CATEGORIES Լիբանանեան

