Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Գաղութի Միութիւնը Նշեց Իր Հիմնադրութեան Երրորդ Տարեդարձը

Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանը` շրջապատուած Լիբանանի մէջ բնակող կիպրահայերով

Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանը` շրջապատուած Լիբանանի մէջ բնակող կիպրահայերով

Երէկ` չորեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն 9:30, «Կիպրոսի գաղութը Լիբանանի մէջ» միութիւնը ընդունելութեամբ մը նշեց իր հիմնադրութեան երրորդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի Անկախութեան տօնը` Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան` տէր եւ տիկին Հոմեր եւ Տանգա Մաւրոմաթիսներուն Ռապիէի բնակարանին մէջ հիւրասիրելով 120 կիպրահպատակներ:

Միութեան նախագահ Սթալօ Հապիպի խօսք առնելով յայտնեց, որ միութիւնը մեծ թափով կը պատրաստուի գարնան ձեռնարկ մը կազմակերպելու` «Շուրջպար բռնէ՛ եւ յատկացում գոյացո՛ւր» (Տենս ֆոր է քոզ) խորագիրով, որուն յաջողութեան համար միութիւնը կը միտի գործակցութիւններու ձեռնարկել հետաքրքրուող այլ միութիւններու հետ:

Ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան տոքթ. Քաթրինա Պուրա, Կիպրոսի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Զէյտան Զէյտան, Կիպրոսի դեսպանատունէն հիւպատոս Քիրիաքոս Փոյացիս, Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանատունէն հիւպատոս` Աթանասիոս Լէուսիս, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ արքեպիսկոպոս, նաեւ Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հարք, որ վերջերս ստորագրեց Պաթրուն – Լառնաքա ձեռնարկներու համաձայնագիրը:

Share this Article
CATEGORIES