Միացեալ Նահանգներու Կիսամեայ Ընտրութիւններ. Հանրապետականները Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրեցին
Միացեալ Նահանգներու մէջ Հանրապետական կուսակցութիւնը կիսամեայ ընտրութիւններու ընթացքին իրենց ձեռքը առին Ծերակոյտի վերահսկողութիւնը եւ ամրապնդեցին Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց մեծամասնութիւնը` այդպիսով աւելցնելով նախագահ Պարաք Օպամայի նախագահական շրջանի վերջին երկու տարուան ընթացքին իրենց ուժը: Հանրապետականները 2006-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը տիրեն Քոնկրեսի երկու պալատներուն: Անոնք նաեւ ապահովեցին նահանգի կառավարիչի 36 աթոռ:
Ընտրութեան յատկանշական երեւոյթներէն նաեւ նշենք հետեւեալները. 1) Քոնկրեսի անդամ ընտրուեցան հարիւր կիներ, ներառեալ` Միա Լաւ, որ Հանրապետական կուսակցութենէն ընտրուած առաջին կին սեւամորթն է 2) 1870-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով սեւամորթ մը` Թիմ Սքոթ ընտրուեցաւ Հարաւէն, 3) ընտրուողներու շարքին էր Ճորճ Պուշ Գ-ը` Ճորճ Պուշի թոռը, եւ Ճորճ Ու. Պուշի եղբօրորդին, 4) 18-ամեայ Սայրա Պլերը, որ պատմութեան մէջ տարիքով ամէնէն փոքր նահանգային օրէնսդիրն է, ինչպէս նաեւ 5) 30-ամեայ Էլիզ Շթեֆանիքը, որ պատմութեան մէջ Քոնկրեսի անդամ ընտրուած տարիքով ամէնէն փոքր կինն է:

