«ՏԱՀԵՇ Կը Յառաջանայ Դէպի Հալէպ, Որ Այն Քաղաքներէն Մէկն Է, Ուր Կռիւը Կարելի Է Սառեցնել» Ըսաւ Տը Միսթուրա

Սթեֆան Տը Միսթուրա
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրա նշեց, որ «ՏԱՀԵՇ դէպի Հալէպ կը յառաջանայ»` աւելցնելով. «Այդ մէկը միջազգային ընտանիքին համար զայն կասեցնելու առիթ մըն է»:
Տը Միսթուրա «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Եթէ այս քարտեսին նայիս, կը նշմարես, որ ՏԱՀԵՇ Արաբ Բունարէն հեռու` դէպի Հալէպ կը յառաջանայ, եւ եթէ այդ մէկը շիտակ է, ապա ատիկա առիթ մըն է փրկելու այս քաղաքը, որ թատերաբեմ դարձաւ սուրիական ընդդիմութեան եւ կառավարութեան միջեւ կռիւի մը, որ որեւէ արդիւնք չտուաւ»:
«Ըսել ուզածս այն է, որ կասեցնելու համար ՏԱՀԵՇ-ը, որուն վրայ կեդրոնացած են բոլորը, ապա առնուազն պէտք է այլ վայրերու մէջ կռիւը սառեցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ կազմակերպութեան վրայ կեդրոնանալ, իսկ Հալէպը այն քաղաքներէն մէկն է, ուր կարելի է այդ ծրագիրը գործադրել»:
ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակը յայտնեց. «Բոլորը համաձայն են, որ ՏԱՀԵՇ ներկայիս մեծագոյն վտանգն է: Միջազգային ընտանիքին ըսել փորձածս այն է, որ եթէ գոյութիւն ունենայ Արաբ Բունարի պէս քաղաք մը եւ որոշեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կենալ, ապա պէտք չէ զայն լքենք»:
Ինչ կը վերաբերի սուրիական տագնապի լուծման իր ծրագիրին, Տը Միսթուրա նշեց. «Անիկա շատ պարզ սկզբունքի վրայ հիմնուած է. փորձուեցաւ ամէն բան` խորհրդաժողովներ, ժողովներ, խաղաղութեան հաւանական ծրագիրներ, սակայն գետնի վրայ պէտք է սուրիացիներուն եւ աշխարհին փաստենք, որ կայ բան մը, որ կրնանք ընել. նախ եւ առաջ` ՏԱՀԵՇ-ը կասեցնել, երկրորդ` տագնապը դադրեցնել, որպէսզի սուրիացիները տարբերութիւնը զգան»:
Թուրքիա Կը Զգուշացնէ Ասատի`
Հալէպի Համար Ներկայացուցած Վտանգէն
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Սուրիոյ բանակը ամբաստանեց Հալէպի մէջ եւ անոր մօտ ջարդեր գործելու յանցանքով եւ ըսաւ, որ Թուրքիա գաղթականներու նոր մեծ ալիք մը պիտի դիմակայէ, եթէ Հալէպը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ձեռքը անցնի:
«Հալէպի զարգացումներուն մտահոգութեամբ կը հետեւինք: Թէեւ քաղաքը իյնալու եզրին չէ, սակայն չափազանց մեծ ճնշումի տակ է», ըսաւ Տաւութօղլու:
«Եթէ Հալէպը իյնայ, Թուրքիոյ մէջ մենք տեղահանուածներու մեծ, շատ լուրջ, մտահոգիչ ճգնաժամ մը պիտի դիմագրաւենք: Այս է պատճառը, որ ապահով գօտի մը կ՛ուզենք»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս իր կարգին այս շաբաթ յայտնած էր, որ ընդդիմութեան «ամրոց» Հալէպը գրեթէ ամբողջովին պաշարուած է Սուրիոյ բանակին կողմէ եւ զայն լքելը Սուրիոյ պատերազմին քաղաքական լուծում մը գտնելու յոյսերուն վերջ պիտի տայ:
Ֆրանսա եւս կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ ապահով գօտի մը ստեղծելու Թուրքիոյ կոչերուն, սակայն ֆրանսացի դիւանագէտներ կը յայտնեն, որ այդ մէկը իրագործելի չէ առանց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ որոշումի մը:
Ալի Հայտար. «Մենք Թուրքիոյ Հետ
Պատերազմի Մէջ Ենք»
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ազգային հաշտեցման նախարար Ալի Հայտար յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Կաղանդ պապան չեն, իսկ Թուրքիոյ հետ իրենք պատերազմական վիճակի մէջ են:
«Ո՞վ ըսած է, որ Ամերիկան բարեկամ է: Այս պահուս հասարակաց շահեր կրնանք ունենալ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ մենք բարեկամներ ենք: Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ Կաղանդ պապան չեն: Միացեալ Նահանգներ մինչեւ այս պահը սուրիացի ժողովուրդին թշնամին եղած են: Անոնց ռազմավարութիւնն ու թիրախները չեն փոխուած, հետեւաբար անոնք կը շարունակեն մեր թշնամին մնալ: Իսկ Թուրքիոյ կեցուածքը նոյնիսկ քննարկման ենթակայ չէ… Ճգնաժամի սկիզբէն ի վեր քննադատած ենք: Այս պահուս ալ պատերազմական վիճակի մէջ ենք, եւ ատիկա բոլորը գիտեն», ըսած է սուրիացի նախարարը:

