Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան բանակը Արսալի մէջ դիմադրեց զինեալներուն կողմէ դէպի գիւղաքաղաք ներխուժելու փորձի մը:
ՀԱՆՐԱՊԵՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ Տար Ֆաթուան բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի եւ ոչ միայն սիւննի համայնքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ` քննարկելու համար լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցերը եւ անոնց տրամադրուած օժանդակութիւնները:
ՔՈՒՐԱՅԻ Հայքալիէ շրջանի արհեստից վարժարանին մօտ բանակի սակրաւորները երէկ վնասազերծեցին ական մը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 500 լ. ոսկիով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ իրենք խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնը կը մերժեն, որովհետեւ լիբանանցիներուն մէկ մասը կը մերժէ ընդունիլ լիբանանեան իշխանութեան մէջ քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւնը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը զինելու նպատակով կատարուած օժանդակութիւնները եւ բանակին նկատմամբ լիբանանեան ներքին զօրակցութիւնը կը հզօրացնեն բանակը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ անհրաժեշտ կը գտնէ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ համար լիբանանեան բանակին ներկայացուած զինուորական օժանդակութիւնը նորութիւն չէ, որովհետեւ Լիբանան եւ Սէուտական Արաբիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակից են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելէ ետք նախ եւ առաջ պէտք է նախագահական ընտրութիւններ կատարել:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին տրամադրուող իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը 7 միլիոն տոլար արժողութեամբ է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը չ՛երաշխաւորեր առկայ բոլոր հարցերուն լուծումը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը պիտի նպաստէ նախագահական ընտրութիւնները արգելակող խոչընդոտներուն վերացումին:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Թրիփոլիի բնակիչներն ու Լիբանանի սիւննի համայնքը փաստեցին, որ իրենք ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող ընկերութիւն մը չեն եւ իրենց միջավայրին մէջ ահաբեկչութիւնը տեղ չունի:

