Ժահժահ. «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Ուղղակիօրէն Կապուած Է Նախագահական Ընտրութեան»

Սամիր Ժահժահ
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ յետմիջօրէին Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ստիպուած համաձայն գտնուած է խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու քայլին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը մեղսակցած է երեսփոխանական ընտրութիւնները չկատարելու առումով:
Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած են` կանխարգիլելու համար անիշխանութիւնը:
Միւս կողմէ, ան հարց տուաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին, թէ ինչո՞ւ մերժած է նախագահական ընտրութեան նիստերուն մասնակցիլ:
Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է նախագահական ընտրութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

