Զօր. Աուն. «Չենք Կրնար Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգել Այնպիսի Խորհրդարանի Մը, Որուն Հանդէպ Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Մշակելու Առումով Վստահութիւնը Կորսուած Է»

Զօր. Միշել Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի նիստին, որուն աւարտին ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ տակաւին յստակ որոշում մը չէ տրուած խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով ճշդուած նիստին մասնակցելու առումով:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք չեն կրնար նստաշրջանը երկարաձգել այնպիսի խորհրդարանի մը, որուն նկատմամբ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով վստահութիւնը կորսուած է:
Ան հաստատեց, որ խորհրդարանին մէջ օրինականութիւն գոյութիւն չունի:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը միակն է, որ կրնար արդար ներկայացուցչութիւն ապահովել յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը նախագահի ընտրութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի:
Նշենք, որ զօր. Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Ռապիէի մէջ նախագահեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ այսօրուան պատահածը ժողովուրդին կատարելիք ընտրանքը գողնալու համազօր է:
Պասիլ յայտնեց, որ այս ապօրինի եւ հակասահմանադրական արարքը երկու տարի եւ եօթը ամիս առիթ պիտի չտայ ժողովուրդին` ունենալու իր ընտրանքը եւ աւելցուց, որ այս արարքին վտանգը այն է, որ անիկա կրնայ կրկնուիլ եւ Լիբանանի մէջ կրկնել 1972-1992 տիրող իրավիճակը:
Պասիլ շեշտեց, որ քրիստոնեայ համայնքին շահերուն կը ծառայէ իշխանութեան հերթափոխութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի է պահպանել քրիստոնեայ համայնքին աշխուժ մասնակցութիւնը` լիբանանեան քաղաքական կեանքին:
Պասիլ մերժեց այն պատճառաբանութիւնները, թէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուած է երկիրը անիշխանութեան չմատնելու նպատակով:

