«Յաջորդ Պատերազմին Իսրայէլ Պիտի Չկարենայ Գտնել Անկիւն Մը, Ուր Դիմադրութեան Հրթիռները Չեն Կրնար Հասնիլ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Հասան Նասրալլա
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի առիթով կատարուած 10-րդ օրուան եզրափակիչ քայլարշաւէն ետք պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց Հարաւային արուարձաններու «Ռայա» մարզադաշտին մէջ եւ անոր շրջակայքը հաւաքուած ծովածաւալ բազմութեան:
Իր խօսքին մէջ սէյիտ Նասրալլա ինքնավստահութեամբ եւ զօրութեամբ պատասխանեց իսրայէլեան սպառնալիքներուն եւ իր կարգին սպառնաց Իսրայէլի` շեշտելով, որ Դիմադրութիւնը ո՛չ պատերազմէն կը վախնայ եւ ո՛չ ալ սպառնալիքներէն: Ան իր խօսքը ուղղելով սիոնական գոյացութեան յայտնեց, որ իրենց մտքէն անցածին մասին մտածեն եւ ապա շարժին:
«Դուք պէտք է փակէք ձեր օդակայանները, ձեր նաւահանգիստները եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի տարածքին պիտի չկարենաք գտնել անկիւն մը, ուր Դիմադրութեան հրթիռները չկարենան հասնիլ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ տիրող շրջանային իրադարձութիւններուն պատճառով այս հանգրուանին Դիմադրութիւնը աւելի հզօր է եւ աւելի փորձառու բոլոր վտանգներուն եւ բոլոր պատերազմներուն դիմադրելու առումով:
Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին մասին սէյիտ Նասրալլա հպարտութեամբ յայտնեց, որ Դամասկոս եւ նախագահ Պաշշար Ասատ տակաւին կանգուն են` աւելցնելով, որ Սուրիա քանդուած ու քայքայուած չէ:
«Չորս տարուան պատերազմէն ետք, սուրիացիներուն մեծ մասը տակաւին կը մնայ իր հողերուն վրայ, իսկ թշնամին` հաւատադրժողականները, չեն կրցած բռնագրաւել Սուրիան եւ գլխատել անոր բնակչութիւնը: Հետեւաբար ասիկա մեծ նուաճում կը նկատուի եւ մենք կը սպասենք հասնելու ամբողջական յաղթանակի: Քալամունի մէջ կացութիւնը բացառիկ է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ հաւատադրժողականները ապագայ չունին, անոնց ծրագիրը կեանք չունի եւ շեշտեց, որ այդ հաւատադրժողականները չարաչար պարտութեան պիտի ենթարկուին բոլոր շրջաններուն եւ երկիրներուն մէջ:
«Իսկ մենք պիտի հպարտանանք այն իրականութեամբ, որ մենք պայքարեցանք հաւատադրժողականներուն դէմ եւ յաղթեցինք անոնց», ընդգծեց ան:
Ան կոչ ուղղեց պաշտպանելու Աքսայի մզկիթը:

