Լիտինկթըն. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Սպառնալիք Է Շրջանին Համար»

Տէյվիտ Լիտինկթըն
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ եւրոպական հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկթըն Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը սպառնալիք է ամբողջ շրջանին համար:
«Բրիտանիան կը քննարկէ այս իրավիճակէն դուրս գալու միջոցները եւ կը մտածէ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ օգնել տագնապի լուծման: Մենք չենք կրնար թելադրել կամ լուծում պարտադրել կողմերուն, սակայն կրնանք օգնել տագնապի լուծման` տարբեր առաջարկներով ու նախաձեռնութիւններով», ըսած է բրիտանացի նախարարը:
Ան յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը առաջնահերթութիւն է միջազգային կառոյցներուն համար:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը Պաքուի եւ շրջանին մէջ իմ բանակցութիւններուս գլխաւոր նիւթը եղած է: Տագնապը կը շարունակուի աւելի քան քսան տարիէ ի վեր, եւ անիկա մարդկային ողբերգութիւն է», ըսած է Լիտինկթըն:
Յիշեցնենք, որ Պաքու այցելելէ առաջ Լիտինկթըն կը գտնուէր Երեւան:

