Շարմազանով Հանդիպած Է Նարիշքինին
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի հետ:
Ըստ Ազգային ժողովի տեղեկատուութեան ծառայութեան, Շարմազանով անդրադարձած է հայ – ռուսական համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ խորացման անհրաժեշտութեան: Նարիշքին իր կարգին բարձր գնահատած է երկկողմ յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակը:
Կողմերը քննարկած են Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնագիրի վաւերացման հոլովոյթին առնչուող հարցեր: Ազգային ժողովի փոխնախագահը յոյս յայտնած է, որ մինչեւ 23 դեկտեմբեր Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը, փաստաթուղթը վաւերացուի երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: Նարիշքին կարելի սեղմ ժամկէտի մը մէջ համաձայնագիրի վաւերացման պատրաստակամութիւն յայտնած է:
Էդուարդ Շարմազանով բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր Ռուսիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերը եւ անընդունելի նկատած է տագնապներու զինուորական լուծման որեւէ փորձ:
Ազգային ժողովի փոխնախագահը` նշելով, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դերն ու նշանակութիւնը, իր մտահոգութիւնը յայտնած է, որ որոշ գործընկերներ երբեմն չեն պաշտպաներ Կազմակերպութեան իրենց դաշնակիցներուն դիրքորոշումը: Երկուստեք կարեւոր նկատուած է գործակցութիւնը Կազմակերպութեան ծիրին մէջ:
Էդուարդ Շարմազանով նաեւ նշած է, որ 2015 թուականին կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ յոյս յայտնած է, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի Դաշնակցային խորհուրդը եւ Պետական տուման կ՛աջակցին ձեռնարկներու կազմակերպման հարցին մէջ:

