ՀՅԴ-ն 12 Նոյեմբերին Պիտի Կանգնի «Դէմ Եմ» Շարժումի Կողքին
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը կը պատրաստուի 12 նոյեմբերին միանալու «Դէմ եմ» շարժման երիտասարդներուն` պահանջելու համատեղութեամբ աշխատող դասախօսներուն եւ գիտաշխատողներուն խնդրի լուծումը:
NEWS.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, կուտակային կենսաթոշակներու մասին նոր օրէնքի դէմ աշխուժօրէն պայքարող Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ եթէ քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը շարժում կը կազմակերպէ, իրենց խմբակցութիւնը բնականաբար երիտասարդներու կողքին է:
«Միւս ուժերուն անունով չեմ կրնար խօսիլ, բացի ատկէ` մենք կուտակայինի հարցով արդէն դիմած ենք Սահմանադրական դատարան», ըսաւ պատգամաւորը:
Ինչ կը վերաբերի Սահմանադրական դատարանի` կուտակայինի հարցով պատգամաւորներու ներկայացուցած բողոքի քննութիւնը 31 մարտէն սկսելուն, Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ որոշումը ստանալէ ետք միայն կրնայ մեկնաբանել:

