Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը` Ազնաւուրի Հարցազրոյցին Կապակցութեամբ

1105_aznavour1ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ, երգահան, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպան Շարլ Ազնաւուրի աղմուկ հանած հարցազրոյցին  կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան «Երկիր»-ին յայտնած է, որ նման հարցազրոյց չէ եղած եւ թէ շուտով Ազնաւուրի կողմէ կ՛ըլլայ համապատասխան արձագանգ:

Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութեան «ֆէյսպուք»-ի էջին մէջ հրապարակուած է հետեւեալ պարզաբանումը. «Շարլ Ազնաւուր թրքական ոչ մէկ թերթի հարցազրոյց տուած է եւ ոչ մէկ  մրցանակ ընդունած»:

Անձամբ Ազնաւուր կամ անոր մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարութիւն չեն կատարած:

Share this Article
CATEGORIES