Մոսկուայի Մէջ. Հայաստանի Նախագահը Ներկայ Պիտի Գտնուի Տիգրան Պետրոսեանի Ճատրակի Յուշամրցաշարքին
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան հինգշաբթի, 6 նոյեմբերին, աշխատանքային այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ռուսիա, նոյն օրը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի 9-րդ ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի մրցաշարքին ներկայ գտնուելու համար:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ Տիգրան Պետրոսեանի անուան յուշամրցաշարքին կազմակերպչական կոմիտէի փոխնախագահն է:
Նշենք, որ մրցաշարքը կը կրէ Տաշիր անուանումը: Անիկա կազմակերպուած է Տաշիր ընկերութեան եւ Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ:
Ինչ կը վերաբերի ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն (Ա. հանգրուան), Հայաստանի լաւագոյն ճատրակ խաղացող Լեւոն Արոնեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր մրցակիցին` Պորիս Կելֆանտի հետ:

