Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձախորդ օր մը կը սպասէ ձեզ. զգուշ եղէք ձեր առուծախին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատանքին տէրը եղէք, որպէսզի զայն չկորսնցնէք. նախանձողներ կան ձեր շուրջը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վստահելի մէկը չկայ, որուն կարենաք ձեր սիրտը պարպել. բայց առաջին եկող անձին խոստովանութիւններ մի՛ ընէք, սպասեցէք յարմար անձին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամներ հեռացած են այս օրերուն, իսկ դուք պէտք ունիք անոնց. պզտիկ հեռաձայն մը` եւ անպայման պիտի պատասխանեն ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Թուլացած էք. ուշադրութիւն ըրէք, որպէսզի ասպարէզի սխալ ընտրութիւն մը չընէք. խոհեմ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուսումը եւ գիրքերը ձեզի կը սորվեցնեն տեսութիւններ. ժամանակն է անցնիլ գործնականին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր երկինքը ամպոտ է. պիտի հանդիպիք կարգ մը արգելքներու. ուշադրութեամբ հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր զգայնոտութիւնը արգելք պիտի ըլլայ արտայայտելու ձեր զգացումները. աւելի իրատես եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծանր շաբաթ մըն է, շատ աշխատելով` յոգնած էք. հանգստանալու պահն է նոր թափ մը առնելու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երեկոյթի մը ընթացքին միջադէպերու պիտի հանդիպիք. հանդարտութեամբ դիմագրաւեցէք հարցերը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր յամառութիւնը լուծում մը չի բերեր, ընդհակառակը, գործերը կը բարդացնէ. աւելի ճկուն եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բազմազբաղ էք եւ յոգնած. լաւ կ՛ընէք, որ քիչ մը հանգստանաք, որպէսզի կարենաք կեդրոնանալ:

