50 Տարի Առաջ
Խմբագրական
Պահանջ Չունի
(Էրքին Մոսկուայի Մէջ)
Թուրք մը Քրեմլինի մէջ, ըսած էր լիբանանցի լրագրող մը` շահեկան խորհրդածութիւններ կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Էրքինի Մոսկուա ճամբորդութեան առիթով, անմիջապէս աւելցնելով, թէ նման այց մը հազուադէպ է պատմութեան մէջ:
Աւելի խորաթափանց վերլուծում մը պիտի տանէր այն հաստատման, որ Թուրքիան միշտ փնտռած է Ռուսիոյ բարեկամութիւնը, ամէն անգամ որ խնդիր ունեցած է արեւմտեան տէրութիւններուն` Անգլիոյ, Ֆրանսայի, ու այս պարագային` Միացեալ Նահանգներու հետ:
Մոսկուա (ժամանակին` Ս. Փեթերսպուրկ) միշտ ալ ընդառաջ գացած է Թուրքիոյ ցանկութեան` այնպիսի ակնկալութիւններով, որոնց մէջ Թուրքիան միջոց է աւելի, քան` նպատակ:
Այս անգամ ալ նոյնն է պատկերը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիան Ատլանտեանի զինակցութեան ամէնէն մոլեռանդ զինակիցներէն մէկը կը նկատուի եւ կը հանդիսանայ ամերիկեան խարիսխ մը Խորհրդային Միութեան սահմաններուն վրայ, Մոսկուա աւելի քան տասը տարիէ ի վեր սիրաբանութեան երկչոտ փորձեր կը կատարէ` իրար ետեւէ հրաժարելէ ետք կարգ մը պահանջներէ, որոնք Բ. Աշխարհամարտի վաղորդայնին բանաձեւուած էին պարզապէս սակարկութեան համար:
Դեռ քանի մը օր առաջ` «Փրաւտա»-ի խմբագրապետ Փաւել Սաթիուքով «Միլլիէթ» թրքական թերթին յայտարարած է.
«Ինչ որ կրնանք ընել ատեն ատեն թուրքեւռուս բարեկամութեան համար, փոխադարձ վստահութեան անհրաժեշտ հաստատումն է: Պէտք է որ մեր ժողովուրդներուն յայտնենք այս անհրաժեշտութիւնը: Թուրքիա եւ թուրք ժողովուրդը պէտք է գիտնան, որ խորհրդայինները հողային որեւէ պահանջ չունին իրենցմէ, ոչ ալ կ՛ուզեն իրենց վարչաձեւը պարտադրել: Եթէ կարենանք իրարու փոխադարձ վստահութիւն ներշնչել, զարկ պէտք է տանք մշակութային եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն»:
Առաջին առիթով Վիշինսքիի կողմէ 1948-ին կատարուած այդ յայտարարութիւնը` Թուրքիայէն հողային պահանջներ չունենալու մասին, Մոսկուա աւելի քան 15 տարիէ ի վեր կը կրկնէ, ամէն անգամ որ պատեհութիւն կ՛ընծայուի: Կասկած չկայ, որ Մոսկուայի համար իտէալական պիտի ըլլար վերադառնալ Լենին-Քեմալ հովուերգութեան օրերուն, երբ համայնավար Ռուսիան դրամ եւ զէնք կու տար պարտուած Թուրքիոյ` մէկ կողմէ արեւմտեան տէրութիւններուն դէմ զայն ոտքի հանելու, միւս կողմէ` իր սաղմին մէջ խեղդելու համար հայ ժողովուրդի անկախութիւնն ու ազատութիւնը: Նոյնիսկ խորհրդային պատմաբանները հաստատած են այս իրողութիւնը` յապաղած ինքնաքննադատութեամբ մը, որ ներկայիս, Էրքինի Մոսկուա այցելութեան առիթով, անպայման որ ապայժմէ դարձած է եւ դատապարտուած մոռցուելու:
Էրքին ինչպէ՞ս պիտի վերադառնայ Մոսկուայէն: Անշուշտ շռնդալից դիմափոխութիւններ պէտք չէ սպասել, որովհետեւ Անգարայի վարիչները շատ յառաջ երթալու անխոհեմութիւնը պիտի չգործեն, այլ պիտի աշխատին առաւելագոյն չափով օգտուիլ Մոսկուայի տրամադրութիւններէն` տնտեսական օժանդակութեամբ ամբողջացնելու համար ամերիկեան տոլարներու չցամքող աղբիւրը:
Բայց ինչ որ հաստատուած է պատմութեան համար (ու այս անգամ ալ կը հաստատուի), Մոսկուա միշտ բարեհաճ մօտեցում պիտի ունենայ Անգարայի, ի սէր Թուրքիոյ բարեկամութեան` մինչեւ իսկ զիջումներու յանձնառու ըլլալով…
Ինչ որ կապ ունի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ, մանաւանդ անոնց փոխյարաբերութիւններուն հետ` առաջին հերթին կը հետաքրքրէ հայ ժողովուրդը, որ երկուքին հետ առանձին ու միասին հաշիւներ ունի:
Այդ պատճառով ալ պարտաւոր ենք ուշադրութեամբ հետեւիլ թուրքեւխորհրդային մերձեցման համար նետուած քայլերուն:
Էրքինի այցելութենէն ետք հրատարակուելիք միացեալ հաղորդագրութիւնը կրնայ բաւական լոյս սփռել այս ուղղութեամբ:
Ճեմարանականի Մը
Փայլուն Յաջողութիւնները
Փարիզէն տրուած, 28 հոկտեմբեր 1964 թուակիր հեռագրէ մը ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ Նշան Փալանճեան ճեմարանի աւարտականներէն տոքթ. Կարօ Մանկիեան փայլուն յաջողութեամբ անցուցած է սրտի մասնագիտութեան իր վերջին քննութիւնները եւ տիրացած` ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՔԱՐՏԻՈԼՈԿի բարձր տիտղոսին:
Այս քննութիւններուն մասնակցած են 92 հոգի: Յաջողած 16 թեկնածուներուն մէջ տոքթ. Կ. Մանկիեան միակ ոչ ֆրանսացին է:
Անցեալ տարի տոքթ. Կարօ Մանկիեան տիրացած էր նաեւ ՄԵՏԸՍԵՆ ԱԷՐՈՆՈԹԻՔ վկայականին, որ առաջիններէն է ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:
Երիտասարդ մասնագէտը դեկտեմբերին վերջնականապէս պիտի հաստատուի Պէյրութ, ուր պիտի կիրարկէ իր զոյգ մասնագիտութիւնները:

