Արուեստի Աշխարհէն. Ճարտարապետական Յղացք` Երկվայրկեանի Մէջ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԻՇԻԿԸՆԻ ԿՐԱՆՏ ՌԱՓԻՏԾ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԷ ԱԿՆԴԻՐՆԵՐԸ` ԼԷՅԶԸՐՈՎ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԵՒ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԷՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ՄԸ ԿԱՏԱՐՈՂ ԻՐ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՅՂԱՑՔՈՎ: «ՏԸ ՍԼԷՅԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԴԱՏԱՐԿ ՍՐԱՀԻ ՄԸ ՄԷՋ ՏԱՐԲԵՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆՆԵՐԷ ՀՐԱՇԱԼԻՔ ՄԸ ԿԵՐՏՈՂ ԶԵՏԵՂՄԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԸ:

Ծագումով փաքիստանցի արուեստագէտ Անիլա Քուայամ Աղայի «Ինթըրսեքշընզ»-ը կը ցուցադրուի Միշիկընի Կրանտ Ռափիտծ արուեստի թանգարանին մէջ:
Միշիկընի Կրանտ Ռափիտծ թանգարանին մէջ 2009-էն ի վեր ամէն տարի կը կազմակերպուի արուեստի «ժողովրդավար» մրցանք մը, որուն կրնայ մասնակցիլ 18 տարեկանէն վեր ոեւէ անձ: Մրցանակները դրամական մեծ պարգեւեր են: Անոնք կը շնորհուին մասնագէտներէ բաղկացած դատական կազմի մը եւ հանրութեան քուէներով: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով դատական կազմի եւ հանրութեան քուէներով 300 հազար տոլարի պարգեւը կը տրուի մէկ գործի համար, որ կը կոչուի «Ինթըրսեքշընզ» եւ կը պատկանի ծագումով փաքիստանցի արուեստագէտ Անիլա Քուայամ Աղայի:
Յայտնապէս Աղայի ցնցիչ գործը բազմութիւնները հաճոյացնելու ուժը ունի: Անիկա լէյզըրով կտրուած փայտէ խորանարդ մըն է, որ կախուած է առաստաղէն, լուսաւորուած է լամբով մը, որ 9 մ լայնքով եւ 10 մ երկարութեամբ շուքեր կ՛արձակէ ակնթարթի մէջ ստեղծելու համար ճարտարապետական գործեր` այլապէս դատարկ սրահի մը մէջ:
Արուեստագէտը, որ գծագրութեան դասախօս է Ինտիանափոլիսի Արուեստի եւ ձեւագծումի Հերըն դպրոցին մէջ, իր կայքին մէջ կը բացատրէ, թէ իր գործը հիմնուած է իսլամական սրբավայրերու մէջ օգտագործուած ճարտարապետական կրկնօրինակներու վրայ:
Աղա զայն ստեղծած է արտայայտելու համար «այն հիմնական փորձառութիւնը, որ անհատ մը կ՛ապրի իբրեւ կին, երբ դուրս կը պահուի հաւաքականութենէ մը, ինչպէս նաեւ` մզկիթի մը ընձեռած ստեղծագործական ուժը, նկարագրելով հիացումի եւ վտարումի այն բարդ վիճակները, որոնք մաս կազմած են Փաքիստանի մէջ հասակ նետելու փորձառութեանս», ինչպէս կը բացատրէ ան:
Սակայն փայտէ սնտուկին ձեւագծումը կատարուած է հետեւողութեամբ Կրանատայի (Սպանիա) Ալհամպրա ամրոցին, «որ կը գտնուի պատմութեան, մշակոյթի եւ արուեստի խաչմերուկին վրայ. վայր մը, ուր իսլամական եւ արեւմտեան մտածողութիւնները կը հանդիպին իրարու, ներդաշնակ կը գոյակցին եւ կը ծառայեն իբրեւ ապացոյց` տարբերութիւններու յարակցութեան», ինչպէս կը գրէ արուեստագէտը իր կայքին մէջ:
Աղա կը բացատրէ, թէ իր ծրագիրը կ՛ապաւինի «ճարտարապետական ձեւագծումներու մաքրամաքուր յղացքին եւ ներհուն հաւասարութիւններուն վրայ», նշելով, թէ ակնդիրը իր սեփական ձեւով բան մը կ՛աւելցնէ լուսարձակուած շուքերուն մեկնաբանութեան վրայ: «Ձեւագծումը եւ անոր բազմաշերտ եւ բազմանկիւն տարբերակները կախեալ են այն տարածութենէն, ուր զետեղուած է սնտուկը, զետեղման դասաւորումէն, ինչպէս նաեւ` տարածութիւնը տարբեր ուղղութիւններով պեղելու ակնդիրներուն մօտեցումէն», կը բացատրէ ան:

