Արուեստի Աշխարհէն. Հիթլերէն Թաքուն Պահուած Լէոնարտոն

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985hitlerԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԻՆՔՆԱՆԿԱՐՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊՕՐԷՆ ԿԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ` ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՏԱԼԻՈՅ ԹՈՐԻՆՕ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ: ՇԱՏ ՔԻՉ ԲԱՆ ՅԱՅՏՆԻ Է ԼԷՈՆԱՐՏՈՅԻ ԿԱՐՄԻՐ ԿԱՒԻՃՈՎ ԳԾՈՒԱԾ ԳՈՒՆԱԹԱՓ ԵՒ ԴԻՒՐԱԲԵԿ ՇՈՒՐՋ 500 ՏԱՐՈՒԱՆ ԳԾԱՆԿԱՐԻՆ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ՈՄԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՕԺՏՈՒԱԾ Է ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՈՒԺԵՐՈՎ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ԱՆԻԿԱ ՀԵՌՈՒ ՊԱՀՈՒԱԾ Է ՆԱՑԻ ՂԵԿԱՎԱՐԷՆ` ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ՉՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՈՐ:

Թորինոյի մէջ կը պատմուի առասպել մը. Լէոնարտօ տա Վինչիի ինքնանկարին նայուածքը այնքա՛ն հզօր է, որ անոնք, որոնք կը դիտեն զայն, կ՛օժտուին անբացատրելի զօրութեամբ:

Ոմանց համաձայն, գծանկարին մշակութային եւ նիւթական արժէքէն աւելի` կախարդական ուժն էր պատճառը, որ Բ. Աշխարհամարտին անիկա գաղտնաբար տեղափոխուած էր Թորինոյէն եւ տարուած` Հռոմ, որպէսզի յանկարծ Հիթլեր չտեսնէր զայն եւ յաւելեալ ուժ չստանար:

Ինչ որ ալ ըլլար պատճառը, մէկ բան յստակ է. անգին գծանկարներու եւ ձեռագիրներու հաւաքածոյի մը մաս կազմող Լէոնարտոյի ինքնանկարը միակն էր, որ այդ ժամանակներուն դուրս բերուած է Թորինոյի Թագաւորական գրադարանէն:

Գրադարանին այժմու տնօրէնը` Ճիովաննի Սաքանի կ՛ըսէ, թէ ոչ ոք գիտէ Հռոմի մէջ ինքնանկարին թաքցուած վայրը: «Զայն նացիներու հասողութենէն հեռու պահելու նպատակով` գաղտնի սպասարկութեան ամբողջ գործողութիւն մը ծրագրուած է, եւ գծանկարը բոլորովին անանուն ու ծածուկ տեղափոխուած է Հռոմ»:

Յայտնապէս նման դժուար պայմաններու մէջ գծանկարին պահպանումին մասին պատշաճ ձեւով չէ մտածուած, «ոչ ալ այդ օրերուն մարդիկ ունէին պահպանութեան անհրաժեշտ գիտելիքն ու արհեստագիտութիւնը», կ՛ըսէ Սաքանի: «Բնականաբար ասիկա չէ նպաստած գծանկարին վիճակին»:

Թորինոյի Թագաւորական գրադարանին մէջ կարմիր անբիծ գորգով պատուած սանդուխներ կ՛առաջնորդեն դէպի ստորերկրեայ ապահով նկուղ մը` պաշտպանուած ամուր դռներով:

985hitler1Յատուկ նպատակով կառուցուած այս խոռոչին մէջ 1998-էն ի վեր «կ՛ապրի» Լէոնարտոյի ինքնանկարը, ինչպէս նաեւ` հազարաւոր այլ անգին գծանկարներ եւ ձեռագիրներ: Իսկ ինքնանկարին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութիւնը սուր կերպով կը հակադրուի անոր լքուած վիճակին` 20-րդ դարու առաջին կիսուն:

Լուսաւորումը ամբողջութեամբ արհեստական է. բնական լոյսի ոչ մէկ նշոյլ կը թափանցէ այն սենեակը, ուր պահպանուած է ինքնանկարը: Ջերմաստիճանը տեւաբար կը պահուի 20 սելսիուսի վրայ, իսկ խոնաւութեան համեմատութիւնը` 55 առ հարիւրի: Ցուցափեղկերը շինուած են ապակիի այնպիսի տեսակէ մը, զոր Սաքանի կը նկարագրէ իբրեւ «հակա-ամէն ինչ»: Ամբողջ կառոյցը պաշտպանուած է ահազանգերով եւ ապահովութեան հսկող նկարահանումի գործիքներով:

Թանկագին իրերու վնաս չպատճառող յատուկ լուսարձակ մը գործածելով` Սաքանի կը լուսաւորէ գծանկարին մակերեսը` ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս կարմրաւուն-սրճագոյն կէտեր կամ արատներ յայտնուած են հնադարեան թուղթին վրայ եւ կը սպառնան անհետացնել ինքնանկարը:

«Այս գծանկարին պարագան յատկապէս վատ է,- կը հառաչէ Սաքանի:- 200 տարի առաջ բիծերը նուազ ակներեւ էին: Գծանկարին վարի ձախ անկիւնը լատիներէնով արձանագրուած էր Լէոնատրուս Վինչիուս անունը, որ այժմ ամբողջութեամբ անհետացած է»:

Վնասը այնքա՛ն ընդհանուր է եւ թուղթը այնքա՛ն դիւրաբեկ, որ գծանկարին վերանորոգութիւնը չափազանց բարդ է: Աշխարհահռչակ մասնագէտներու կողմէ սպառիչ վերլուծումներ եւ քննարկումներ առաջնորդած են «ինքնանկարը ներկայ վիճակին մէջ պահպանելու որոշումին», կ՛ըսէ Սաքանի:

Իրօք, 1998-էն ի վեր այս նկուղը հասնելէ ետք գծանկարին վիճակը չէ վատթարացած:

Լէոնարտոյի ուսումնասիրութիւնը` «Թռչուններու թռիչքի մասին», կը ցուցադրուի նոյն այն նկուղին մէջ, ուր կը պահպանուի անոր դիւրաբեկ ինքնանկարը:

Լէոնարտոյի ուսումնասիրութիւնը` «Թռչուններու թռիչքի մասին», կը ցուցադրուի նոյն այն նկուղին մէջ, ուր կը պահպանուի անոր դիւրաբեկ ինքնանկարը:

«Ասիկա կը հանգստացնէ մեզ, որովհետեւ գիտենք, թէ ճիշդ է մեր որդեգրած ուղղութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ, թէ գծանկարը 500 տարուան հնութիւն ունի: Դպրոցին մէջ մեր գծած նկարները հաւանաբար այլեւս գոյութիւն չունին, իսկ Լէոնարտոյի ինքնանկարը գծուած է սովորական թուղթի վրայ: Հետեւաբար արտասովոր է ինքնին այն երեւոյթը, թէ այսօր կարելի է ցուցադրել նման գլուխ գործոց մը», կը նշէ Սաքանի:

Նոյնքան արտասովոր է պատմութիւնը Թորինոյի մէջ Լէոնարտոյի ինքնանկարին յայտնութեան: Անիկա մաս կը կազմէր հսկայական հաւաքածոյի մը, զոր Սաւոյի Քարլօ Ալպերթօ թագաւորը գնած էր 1839-ին: Հաւաքածոյի սիրահար թագաւորը զայն գնած էր արուեստի վաճառական եւ ցուցահանդէսներ կազմակերպող Ճիովաննի Վոլփաթոյէն, որ յաճախ կը ճամբորդէր Եւրոպայի տարածքին: Յայտնի չէ, թէ ան ինչպէ՛ս հանդիպած է Լէոնարտոյի ինքնանկարին, սակայն յստակ իրողութիւն է, որ 70 հազար փիտմոնթական լիր պահանջած է թագաւորէն` հաւաքածոն վաճառելու համար:

«Այդ ժամանակներուն բժիշկ մը տարին հազար լիր կը շահէր, հետեւաբար Վոլփաթոյի պահանջած գինը առասպելական էր,- կը բացատրէ Սաքանի:- Թագաւորը յաջողած է սակարկել եւ գինը իջեցնել 50 հազար լիրի, այսուհանդերձ, միայն 8 տարի ետք յաջողած է մասնավճարներով փակել իր պարտքը»:

Սակայն, Սաքանիի համաձայն, Վոլփաթօ անգութ վաճառական մը չէր, ինչպէս կը թուի ըլլալ:

«Վոլփաթօ միայն նիւթական նպատակներ չէր հետապնդեր. թագաւորին զեղչ մը կատարելու դիմաց ան պահանջած է անվճար ստանձնել Թագաւորական գրադարանին գծանկարներուն ցուցադրութիւնը կազմակերպելու պաշտօնը»:

Այնուհետեւ Թորինոն կը շարունակէ մնալ կարմիր կաւիճով իրագործուած ինքնանկարին պահպանութեան վայրը:

 

Share this Article
CATEGORIES