Փափուկ Մէջքը Կամ «Ալխասիրա Ալրախուա»
Լիբանան եւ Սուրիա պատմութեան եւ աշխարհագրութեան բերումով միեւնոյն երթը եւ ճակատագիրը ունին. ոմանց համար «միացման եւ» մըն է, որ կը միացնէ մէկ ժողովուրդ` երկու երկիրներու միջեւ, իսկ ուրիշներու համար «քաֆիր եւ» մըն է, որ կը յուշէ անարդար եւ անգութ վարչակարգի մը իշխանութիւնը միւսին վրայ:
Բայց համաձայնինք, որ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը իր հարաւ-արեւմուտքին ունի փափուկ մէջք մը, որուն տարածքն է 10,452 քառակուսի քիլոմեթր:
***
Սայքս-Փիքոյի գաղտնի համաձայնագիրը, որ Միջին Արեւելքին տուաւ իր նոր դիմագիծը, շրջանը տարբեր ուժերու տարբեր ձեւերով տիրապետելու ծառայեց միայն:
11 սեպտեմբեր 2001-ի դէպքերէն ետք սկսաւ այսպէս կոչուած «ահաբեկչութեան» դէմ պատերազմ մը, որմէ ետք Միջին Արեւելքը մտաւ նոր դարաշրջանի մը մէջ: Սակայն ներկայիս կը գտնուինք հանգրուանի մը մէջ, երբ փոխուած են եղանակները եւ անուանումները` ըլլան անոնք «Արաբական գարուն» թէ աշուն: Կարգ մը վարչակարգեր ինկան տոմինոյի քարերու պէս. նոյնիսկ այն երկիրներու մէջ, որոնց չհասան յեղափոխաշունչ հոսանքները, ինչպէս` Լիբանանը եւ անոնց ներքին խաղաղութիւնը խախտեցաւ:
Սուրիոյ այս իրավիճակին պատճառով է, որ Լիբանանի գլխաւորաբար ապահովական եւ տնտեսական կացութիւնը վնասներ կրեց: Նոյն պատճառներով ալ Լիբանան ինքն ալ դարձաւ թիրախ եւ խառնուեցաւ Սուրիոյ հարցերուն` դառնալով փոքր մասնիկ մը իր աշխարհագրական դիրքին իբրեւ հետեւանք: Այսպիսով, Լիբանանը շատ մեծ ապահովական վտանգի դէմ յանդիման է, որովհետեւ անոր սահմաններուն մէջ արդէն կը գտնուին ծայրայեղ զինեալներ, որոնք պատրաստ են կռուելու բանակին դէմ, որպէսզի յատկապէս Լիբանանի հիւսիսը իրենց իշխանութեան տակ առնեն:
Այս ծայրայեղ խմբակցութիւնները շրջանային ուժերու եւ դժբախտաբար արաբական կարգ մը պետութիւններու հովանաւորութիւնը կը վայելեն: Էրտողանի Թուրքիան նաեւ հիմնական հովանաւորներէն է այս զինեալներուն, որովհետեւ Թուրքիան տակաւին չէ հրաժարած իր կայսերապաշտական ծրագիրէն, որ ի յայտ եկաւ Իսլամ եղբայրակցութեան թիկունք կանգնելով` արաբական երկիրներու մէջ իշխանութեան հասնելու համար:
Խորքին մէջ Սուրիոյ պատերազմը, որ կը կատարուի իշխանութեան ուժերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ, փոքրացած համաշխարհային պատերազմ մըն է, որուն վերջերս միացան քիւրտերը` գոյատեւման պայքարով մը, ինչպէս, օրինակ, Արաբ Բունարի պարագային: Իրականութեան մէջ այս փոքր համաշխարհային պատերազմը կը յաւակնի ծայրայեղ սիւննիական իշխանութիւն ստեղծել շրջանին մէջ, որպէսզի շիի մահիկը չամբողջանայ:
Չէզոք քաղաքականութիւն մը որդեգրելով` անպայման հեռու չենք մնար մեզի սպառնացող վտանգէն: Կարելի է ըսել, որ Լիբանանը քամիին մէջտեղը կը գտնուի: Այս զգայուն, վտանգաւոր հանգրուանին պէտք է շատ աւելի կառչինք լիբանանեան բանակին եւ համախմբուինք անոր շուրջ, որովհետեւ ան մեր ապահովութեան պատնէշն է: Լիբանանը արդէն շատ մօտ է այն ծրագիրին, որ կ՛ուզէ շրջանը մասերու բաժնել եւ վերատեսութեան ենթարկել արաբական աշխարհի ընդհանուր քարտեսը: Սակայն Լիբանանը ունենալով հզօր եւ անձնազոհ բանակ մը` իր խոհեմ հրամանատարութեամբ, պիտի չենթարկուի այդ բաժանումներուն:
ԶՈՄ-ԱԿԱՆ
29/10/2014