Տեղեկատու
2014-2015 տարեշրջանի աշխատանքները սկսան ԶՈՄ-ի կեդրոնին բարեկարգումով` հայ ուսանողին համար կեդրոնը գրաւիչ եւ գործնական դարձնելու նպատակով: Կեդրոնը օժտուեցաւ նոր բազմոցներով, գրատախտակներով, գրադարաններով եւ ցուցատախտակով: Կեդրոնին դռները բաց են բոլոր հայ ուսանողներուն դիմաց:
Զաւարեան ուսանողական միութեան յարաբերական աշխատանքներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ հանդիպումներ եւ ժողովներ:
Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ գումարուեցան երկու ժողովներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան նաեւ համալսարաններուն մէջ կայանալիք ընտրութիւնները:
Լիբանանեան համալսարանի կրթաթոշակին յաւելման որոշման դէմ կատարուեցան ցոյցեր, որոնցմէ ետք միացեալ յայտարարութիւն մը լոյս տեսաւ բոլոր ուսանողական քաղաքական ուժերուն կողմէ` բողոքելու համար որոշման դէմ: Ուսանողական այս բողոքին շնորհիւ` կրթաթոշակին յաւելման որոշումը բեկանուեցաւ:
ԶՈՄ-ը մասնակցեցաւ «Ֆորում ֆոր տիվելոփմընթ, քալչըր էնտ տայըլոկ»-ի կազմակերպած սեմինարին, որուն նիւթն էր` «Փիս պիլտինկ էնտ քոնֆլիքթ ռիզոլիուշըն»:
Էն. Տի. Եու. համալսարանին մէջ վերականգնեցաւ եւ այժմ կը գործէ հայկական «Սարդարապատ» ակումբը: Էն. Տի. Եու.ի աշակերտները կրնան հետեւիլ ակումբի աշխատանքներուն Դիմատետրի «Sartarabad ClubNDU» էջին միջոցով: Անդամակցելու համար դիմել ակումբի անդամներուն:
Երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2014-ին, ԶՈՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` «Թեւանիկ» ժապաւէնի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին բեմադրիչը խօսեցաւ իր կեանքին, գործերուն, հայկական ֆիլմարուեստին եւ «Թեւանիկ» ժապաւէնի պատրաստութեան մասին:
Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2014-ին, ԶՈՄ-ի օժանդակութեամբ, «Վերադարձ Հայաստան» (www.repatarmenia.org) հիմնադրամը կատարեց ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին չորս հայրենադարձներ խօսեցան Հայաստան հաստատուելու իրենց անձնական փորձառութիւններուն մասին: Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց մը` ներկաներուն հետ Հայաստան տեղափոխուելու դժուարութիւններուն, առաւելութիւններուն եւ միջոցներուն մասին:
Չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014-ին, ԶՈՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` քաղաքագիտութեան դասախօս դոկտ. Լէյլա Ռահպանիին հետ: Ան խօսեցաւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն եւ շրջանային զարգացումներուն մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին:
Կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2014-ին, ԶՈՄ-ը կրպակով մը մասնակցեցաւ «Մենք եւ մեր Արցախը» խորագիրը կրող Պուրճ Համուտի փառատօնին` ներկայացնելով «Դէպի Երկիր» գործուղումները: Տեղի ունեցաւ ապարանջաններու եւ թռչնագիր բաժակներու վաճառք, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի «Դէպի Երկիր» գործուղումներուն: Բաժնուեցան նաեւ Արցախի քարտեսներ, գործուղումի շապիկներ եւ բանալեկալներ:

