«Լիպանիզ Միուզիք Սքուլ» Երաժշտական Դպրոցի Վերամուտ
«Լիպանիզ միուզիք սքուլ» երաժշտական դպրոցի 2014-2015 տարեշրջանի վերամուտի արարողութիւն տեղի ունեցաւ դպրոցի լսարանին մէջ:
Երաժշտական դպրոցի ուսուցիչները` գլխաւորութեամբ դաշնակահար Քրիստինա Փափազեանի, ներկայացան իրենց մանկավարժական տարիներու հմուտ աշխատանքի արգասիքներով, որոնց վառ ապացոյցն են երեք տարիներու ժամանակամիջոցին կազմակերպուած, հանրութեան գնահատանքին ու ծափահարութեան արժանացած համերգները:
Բացման խօսքին մէջ ներկայացուեցան նախորդ տարիներուն կատարուած աշխատանքները ու նոր տարեշրջանի մէջ ծրագրուած նորարարութիւնները` «Լիպանիզ միուզիք սքուլ»-ի դաստիարակներու կողմէ, որոնք առաւելաբար մատչելի ու բարձրակարգ կը դարձնեն արուեստի բոլոր բնագաւառները` համապատասխան դասընթացքներու ընդմէջէն:
Այնուհետեւ տեսերիզով ցուցադրուեցան անցած տարիներուն կայացած ութը համերգներու տարբեր տարիքի մասնակիցները, որոնք իրենց անթերի կատարումներով ներկայացած էին Լիբանանի հանրութեան եւ արժանացած համապատասխան գովասանքի:

Ըլլալով հայ կամ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ, անոնք կարողացած են կատարել միջազգային ու հայ երաժշտահաններու գործերը:
Թատրոնի բնագաւառին մէջ որոշ յառաջընթացի շնորհիւ կատարուած են տարբեր բեմադրութիւններ:
Գծագրութեան դասընթացքներուն մասնակից աշակերտները ներկայացուցած են իրենց գեղարուեստական կտաւները:
Տարեշրջանի բացման արարողութեան առիթով ուսուցիչներու կատարողութեամբ հնչեցին Տիգրան Մանսուրեանի, Պռամզի, Շոփէնի եւ Շուպերթի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն:
Անցած տարիներու քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքը կը վկայէ այն, որ հայ երաժիշտներու եւ արուեստագէտներու նպաստը զգալի է Լիբանանի մշակութային կեանքի ու զարգացման գործընթացի մէջ:

