Չորս Տարուան Մէջ Միա՞յն 500

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

1107apo«Դէպի Հայք» ծրագիրը սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար հայրենիքի հետ հաղորդուելու, երկիրին ծանօթանալու, երկար ժամանակամիջոցով Հայաստան ապրելու ու կամաւոր հիմունքներով այնտեղ գործելու առիթ կը ստեղծէ:

2003-ին հիմնադրուած այս կազմակերպութիւնը իր գործունէութեան առաջին եօթը տարիներուն 500 սփիւռքահայեր ներգրաւած է իր ծրագիրին մէջ` անոնց Հայաստան ճամբորդութիւնը, կեցութիւնը ապահովելով, աշխատանքը դասաւորելով, միեւնոյն ժամանակ` հաւաքական շրջապտոյտներով զանոնք հայրենիքի բնութեան ու ժողովուրդին ծանօթացուցած է:

Ծրագիրի յաջողութեան ցուցանիշներէն մէկը ա՛յն է, որ առաջին եօթը տարուան մասնակիցներուն թիւը կրկնապատկուած է յաջորդող չորս տարուան ընթացքին, երբ «Դէպի Հայք»-ի հրաւէրին անսացողներու թիւը հասած է հազարի: Յաջողութեան առաւել մեծ ցուցանիշ է այն, որ «Դէպի Հայք»-ի մասնակիցներէն յիսուն երիտասարդներ որոշած են վերջնական կերպով հաստատուիլ Հայաստան:

Վերնագիրի հարցականը կ՛արտայայտէ մեր զարմանքը այս թիւին հանդէպ: Զարմանք, որ այսպիսի հոյակապ ծրագիրի մը, 11 տարուան ընթացքին ամբողջ սփիւռքէն միայն հազար հոգի մասնակցած է: Հաւանաբար, այլ ծրագիրներով կամ սեփական նախաձեռնութեամբ, բազմաթիւ այլ երիտասարդներ Հայաստանի մէջ երկար ժամանակով ապրելու, աշխատելու պայմաններ ստեղծած են: Այսուհանդերձ, այս թուական պատկերի պատասխանատուութիւնը առաւելաբար կ՛իյնայ մեր ուսերուն, իբրեւ քարոզչական-տեղեկատուական ասպարէզի աշխատողներ, նաեւ` իբրեւ ծնողներ:

Առաջինին գծով, մեր թերութիւնը կու գայ ընդհանրապէս մեր քարոզչական մեքենայի սահմանափակումէն, երիտասարդներու ուշադրութիւնը գրաւող նիւթերու անբաւարարութենէն, եթէ չըսենք` բացարձակ անգոյութենէն: Մենք մեր հնարաւորութիւններով կը փորձենք այս բացը փակել` հասարակական ցանցի նորագոյն միջոցներու օգտագործումով, համացանցային լրատուութեամբ, կայքէջով, «Դիմատետր»-ով եւ «Թուիթըր»-ով:

Քարոզչական նոյն մեքենան պէտք է կարենայ նաեւ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ երիտասարդութեան ձեռնարկած ծրագիրներուն ամբողջական պատկերը տրամադրել հանրութեան, որպէսզի իւրաքանչիւր երիտասարդ կարենայ, իր ժամանակին եւ պայմաններուն համաձայն, ընտրութիւն մը կատարել:

Մենք` ծնողներս, կրնանք մեր զաւակներու ուշադրութիւնը ուղղորդել դէպի այսպիսի ծրագիրներ: Ուսման կամ գործի ասպարէզ նետուելու աճապարանքը ժամանակաւորապէս ընդմիջելու եւ հայրենիքի մէջ ապրելու ու գործելու անփոխարինելի փորձառութեամբ հարստանալու գաղափարը պէ՛տք է կարենանք փոխանցել մեր զաւակներուն, իբրեւ մեր արժէքային համակարգի մէկ մասնիկը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES