Թուրքիոյ Զինուորական Դատախազութեան Կայքէն Անհետացած Է Ցեղասպանութիւնը Ժխտող 8 Հատորնոց Աշխատութիւնը
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ 24 ապրիլ 2015-ին ընդառաջ Թուրքիոյ դժուար օրեր կը սպասեն, իսկ երկրի զինուորական դատախազութիւնը այդ ընթացքին տարօրինակ քայլի ձեռնարկած է:
Դատախազութեան պաշտօնական կայքի «Պատմութեան պատառիկներ» բաժինէն վերցուած է «Հայերու գործունէութիւնը 1914-1918-ին` արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ» ենթաբաժինը:
Ատիկա զինուորական դատախազութեան Զինուորական պատմութեան եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնին կողմէ պատրաստուած եւ «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն» հակադարձելու համար նախատեսուած 8 հատորնոց փաստաթուղթ էր, որ կայքին վրայ տեղադրուած էր «Փի.Տի.Էֆ.» ձեւաչափով:
Աշխատութեան մէջ տեղ գտած էին տեղական եւ արտասահմանեան արխիւներու փաստաթուղթերու հիման վրայ 1914-ի իրադարձութիւնները: Թրքերէնով եւ անգլերէնով հետազօտողներու դատին յանձնուած այդ աշխատութեան վրայ մասնագէտները աշխատած էին 2006-2008-ին:
1914-1918-ի 1047 փաստաթուղթ ուսումնասիրելէ ետք անոնք ներկայացուած էին արդի թրքերէնով եւ անգլերէնով: Այժմ այդ աշխատութիւնը այլեւս հասանելի չէ կայքին վրայ:
Միւս կողմէ, թերթը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը կը շարունակեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ նախապատրաստական աշխատանքը: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութենէն առաջ երկրին ապագայ նախագահը հրաւիրած էր Հայաստան` մասնակցելու ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, տակաւին պատասխանի կը սպասէ:

