Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին . Վարչապետ Սալամ Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Առումով Որոշ Յառաջդիմութեան Մը Կ՛ակնարկէ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Աշրաֆ Ռիֆի:
Շուրջ եօթը ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կանոնաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան նշեց, որ վարչապետ Սալամ նախարարաց խորհուրդին փոխանցեց առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման նպատակով ի գործ դրուող ճիգերուն մանրամասնութիւնները` նշելով, որ հակառակ այդ հարցին բարդ ըլլալուն, արձանագրուած է որոշ յառաջդիմութիւն, որ կրնայ դրական արդիւնքներու յանգիլ:
Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է 44 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն լոյսին տակ որոշուեցաւ Աղէտներու դիմագրաւման գերագոյն խորհուրդին յատկացնել 54 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը` հատուցելու համար վերջին զինեալ բախումներուն պատճառով տուժած ընտանիքներուն:
Ան ըսաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը քննարկած է նաեւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին հարցը:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախարարները մերժեցին ստորագրել խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու շրջաբերականը, հակառակ այն իրականութեան, որ իրենց ստորագրութեամբ կամ առանց անոր այդ որոշումը երեքշաբթի, 11 նոյեմբերին արդէն իսկ ի զօրու կը դառնայ:

