Խորհրդարանի Նախագահը Ստանձնեց Թիւ 1701 Բանաձեւին Վերաբերող Վերջին Տեղեկագիրը

Փլամպլի եւ Պըրրի

Փլամպլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ որմէ ստանձնեց Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մասին պատրաստուած վերջին տեղեկագիրը:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ ինք եւ Պըրրի դրուատած են սահմանային Կապոյտ գիծին շրջակայքը եւ ընդհանրապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող խաղաղութիւնը:

Փլամպլի յայտնեց, որ քննարկած են նաեւ նախանցեալ օր խորհրդարանին կողմէ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը, որ Լիբանանը փրկած է անիշխանութենէ, «սակայն Լիբանանի նման ժողովրդավարական երկրի մը համար ցաւալի է, որ ան չկարենայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել», ըսաւ Փլամպլի` աւելցնելով, որ ՄԱԿ պատրաստ է մնայուն կերպով օժանդակելու` երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելու առաքելութեան:

Փլամպլի մաղթեց նաեւ, որ խորհրդարանը կարենայ անյապաղ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ մը:

Share this Article
CATEGORIES