Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Դեսպան Փաուլին

Փաուլի եւ վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ֆրանսայի դեսպանը եկած էր հաստատելու համար, որ Փարիզ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:
Փաուլի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը պէտք է ըլլայ դրդապատճառ մը, որպէսզի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժանայ, «համոզուած ըլլալով հանդերձ, որ նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթութիւն, որովհետեւ անիկա է, որ կը կանոնաւորէ պետական հաստատութիւններու գործին հոլովոյթը եւ կը վերաշխուժացնէ ժողովրդավարութիւնը», ըսաւ ան:
Փաուլի նշեց, որ լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու առումով Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին լոյսին տակ Լիբանանին պիտի տրամադրուին ֆրանսական զէնք ու զինամթերք` ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը շարունակելու նպատակով:
Փաուլի հաստատեց, որ Փարիզ կը զօրակցի լիբանանեան իշխանութիւններուն, բանակին, անոր նահատակներուն ընտանիքներուն եւ առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն:
«Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան` նկատի ունենալով Լիբանանին բերած անոր հաւասարակշռութիւնը», եզրափակեց ան:

