Միւֆթի Տըրիան Գերապայծառ Քաչիայի Հետ Քննարկեց Վատիկանի Հետ Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Գերապայծառ Քաչիա եւ միւֆթի Տըրիան
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիել Քաչիան` ներկայութեամբ Իսլամական-քրիստոնէական երկխօսութեան ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Սամմաքի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Տար Ֆաթուայի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Գերապայծառ Քաչիա հանրապետութեան միւֆթիին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները եւ անոր յանձնեց Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան եւ շրջան կատարելիք այցելութիւններուն ծրագիրը:
CATEGORIES Լիբանանեան

