Բանակը Կը Շարունակէ Ձերբակալումները Եւ Թիրախ Կը Դառնայ Նոր Յարձակումներու

335790_img650x420_img650x420_cropՄինչ սէուտական-ֆրանսական գործակցութիւնը կ՛աշխուժանայ բանակին զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով, պաշտօնական Լիբանան լուռ կը մնայ իր բանակին տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութեան նուիրատուութեան առումով:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն բանակի շրջուն մէկ ջոկատը Թրիփոլիի Մանքուպին շրջանին մէջ հսկողութեան պահուն թիրախ դարձաւ կրակոցի:

Իսկ Արսալի Ժամարեք հրապարակին վրայ բանակայիններ ենթարկուեցան յարձակումի, որուն պատճառով վիրաւորուեցաւ Ա. կարգի ենթասպայ մը:

Նշենք, որ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պհանինի մէջ բանակը ձերբակալած է Ահմետ Մահմուտ Տարուիշը, որ մեղսակցած է բանակը կրակոցներու թիրախ դարձնելու արարքներուն:

Share this Article
CATEGORIES