Փլամպլի Այցելեց Ամմար Մուսաուիի

3AmarrMousawi-PlumblyԼիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ այցելեց Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Մուսաուի եւ Փլամպլի դրուատեցին լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնն ու ջանքերը` հակակշռելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ հետապնդելու ահաբեկչական բջիջները:

Մուսաուի եւ Փլամպլի շեշտեցին, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով առնուած քայլերը ողջունելի են եւ անոնք կը նպաստեն ներքին լիբանանեան առումով անվտանգութեան ամրապնդումին:

Share this Article
CATEGORIES