Մոսկուայի Մէջ . Ժոմպլաթ-Պոշքով Հանդիպում
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ մեկնեցաւ Ռուսիա` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ կուսակցութեան պատասխանատուներէն Հալիմ Ապու Ֆախրէտտինի:
Մոսկուայի մէջ Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունեցաւ ռուսական Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսի Պոշքովի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ միջինարեւելեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

