«Հիւսիսային Լիբանանը Եւ Թրիփոլին Ապահով Ըլլալու Իրաւունք Ունին» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

1106_naim qassem-saidaonlineՀըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանը եւ Թրիփոլին ապահով ըլլալու եւ հաւատադրժողական շարժումներուն արարքներէն հանգստանալու իրաւունք ունին:

Քասեմ դրուատեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` կոչ ուղղելով լուծելու նաեւ երկրին քաղաքական եւ ընկերային հարցերը:

Շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ Լիբանան ոսկեայ առիթ ունի շրջանին մէջ պահպանելու իր անվտանգութիւնը եւ ապահովելու լիբանանցիներուն շահերը, եթէ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր տարրերը համաձայնին շինիչ երկխօսութիւն կատարել:

Share this Article
CATEGORIES