Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը քրիստոնեայ համայնքին շահերուն համար իր մղած վերջին պայքարն է:

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով Իրան որոշած է օժանդակել լիբանանեան բանակին:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ լիբանանցիները յուսալքուած են եւ իրենց ինքնավստահութիւնն ու կամքը կորսնցուցած:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կառավարութենէն կամ խորհրդարանէն պիտի չհրաժարի` երեսփոխանական ընտրութիւններուն ջնջուելէն եւ ներկայ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուելէն ետք: Ան շեշտեց, որ համախմբումը կառավարութեան աշխատանքը խորհրդարանին պաշտօնավարութեան երկարաձգումին հետ չի կապեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինքնաբերաբար վերջ տալու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին եւ կանխարգիլելու անիշխանութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա բոլոր լիբանանցիներուն փաստած է, թէ ինք յանձնառու է լիբանանեան բանակին զօրակցութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կը հակադրուի լիբանանցիներուն ձգտումներուն հետ, իսկ Հըզպալլա իր յատուկ պայմանները ունի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը չի կրնար խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու շրջաբերականը հրապարակել, որովհետեւ անիկա հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն մաս կը կազմէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման պատասխանատու նկատել նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտող կողմերը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ մաղթեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը իր պարտականութիւնները կատարէ` ընդգծելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը հակասահմանադրական է:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր 12 ձերբակալեալ եւ 5 փախստական սուրիացիներ ամբաստանեց ահաբեկչական կազմակերպութեան մաս կազմելու յանցանքով:

ՍԱՅՏԱՅԻ Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ ազգային երկխօսութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել երկրին համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլել սադրանքները:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը հեգնած է լիբանանեան խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ զայն նկատած ժողովրդավարութեան նոր գիւտ մը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական ուժերուն կողմէ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի պահպանելու Թրիփոլիի մէջ բանակին իրագործած ապահովական նուաճումը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼՈՎ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խոստացած էր ներկայ գտնուիլ նախանցեալ օրուան օրէնսդրական նիստին, համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ այդ լուրերը անհիմն են եւ անճիշդ, որովհետեւ զօր. Աուն ոչինչ խոստացած է եւ հետեւաբար ոչ մէկ խոստում դրժած:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանչիսկոս պապը նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը հրաւիրած է Վատիկան, ուր պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին զայն պիտի պարգեւատրէ պապական շքանշանով, որ միայն Սլէյմանի անձին չէ ուղղուած, այլ` Լիբանանի մէջ բազմազանութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը շեշտելու: Ձեռնարկին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւնը կը հաստատէ, որ Ռիատ կը զօրակցի Լիբանանին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար նշեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Մուսթաքպալի հետ երկխօսութիւն կատարելու առաջարկը քննարկելի հարց է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Իրան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելին իմացուցած է, թէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան օժանդակութիւնը Լիբանան կարելի է հասցնել մէկ ամսուան ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES