Մոալլեմ. «Դամասկոսի Ռազմավարական Որոշումը Թրքական Որեւէ Յարձակումի Դէմ Դնելն Է»

Ուալիտ Մոալլեմ
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիա մօտիկ ապագային Ռուսիայէն «Էս-300» հրթիռներ եւ այլ որակական զէնքեր պիտի ստանայ` աւելցնելով, որ Դամասկոս ինք Մոսկուայէն խնդրած է այդ զէնքերը մատակարարել, որպէսզի պատրաստ ըլլայ որեւէ հաւանականութեան, մասնաւորաբար եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հանրապետական կուսակցութեան կողմէ յաւելեալ ճնշումներու ենթարկուի Սուրիան հարուածելու համար:
Մոալլեմ ըսաւ, որ Դամասկոսի ռազմավարական որոշումը թրքական որեւէ յարձակումի դէմ դնելն է` յոյս յայտնելով, որ Սուրիա կարելի եղածին չափ շուտ ունենայ այն տեսակարար զէնքերը, որոնք կ՛երաշխաւորեն այդպիսի յարձակումի մը ձախողութիւնը: Սակայն ան նշեց, որ իր երկրին կարծիքով, Թուրքիան տեսանելի ապագային չի կրնար այդպիսի յարձակում մը գործել, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ միջամտելու համար Թուրքիոյ նախապայմանները տակաւին Ուաշինկթընի եւ Ռիատի կողմէ մերժուած են, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ կացութիւնը փխրուն է եւ քրտական ըմբոստութեան մը հաւանականութիւնը մեծ է:
Մոալլեմ աւելցուց, որ Արաբ Բունարի մէջ քիւրտերուն դիմադրութիւնը ձախողութեան մատնեց էրտողանեան քաղաքականութիւնը, փոխարէնը իմաստաւորեց Օպամայի օդային արշաւը:
Սուրիական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ հաշտութեան հեռանկարներ գոյութիւն չունին, իսկ Քաթար փորձած է Սուրիոյ հետ հաշտուիլ, սակայն Դամասկոս մերժած է: Ան ըսաւ, որ եթէ Քաթար հաշտութիւն կ՛ուզէ, ապա պէտք է դադրի ահաբեկիչներուն աջակցելէ եւ Սուրիոյ դէմ իր արշաւը դադրեցնէ:

