Ռուհանի Յաջորդ Շաբաթ Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

Հասան Ռուհանի
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարար Մահմուտ Վայիզի յայտարարած է, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Ազրպէյճան:
Ըստ անոր, Ռուհանիի այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի Ազրպէյճանի հետ 10 փաստաթուղթի ստորագրում:
Իբրեւ Իրան-Ազրպէյճան միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ, Վայիզի նշած է, որ նախագահներու հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին ապրանքներու փոխադրումներու, Ազրպէյճանէն ուժանիւթ գնելու, սահմանային գետերու օգտագործման, մաքսային կապերու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ ուժանիւթային, զբօսաշրջական եւ զբօսաշրջութեան առնչուող հարցեր:
Վայիզի աւելցուցած է, որ երկու երկիրներու միջեւ ապրանքներու շրջանառութիւնը այժմ կը կազմէ 100 միլիոն տոլար, սակայն այդ թիւը կարելի է աւելցնել:

